Որոնել

2025.06.20 Sacerdoti della Pontificia Accademia Ecclesiastica che ritornano dall'Anno Missionario

«Քահանայապետը պէտք է կարողանայ վստահիլ քահանաներու վրայ, որոնք աղօթքի ու աշխատանքի մէջ չեն վարանիր իրենց վկայութեամբ մօտիկութիւն տանելու ժողովուրդներուն և եկեղեցիներուն». Լեւոն ԺԴ

Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքը Քահանայապետական ​​Եկեղեցական Ակադեմիայի ուսանողներուն` որոնք աւարտեցին միսիոներական տարին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 20 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատէն ներս յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն` Սուրբերու Դատի Ժողովի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, Հայր Արթուրօ Սոզա Ապասքալը, Յիսուսեան Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը եւ Գերապայծառ Էրիք տը Մուլըն Պոֆորը, Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը, Դասին փոխ նախագահին ու ընդհանուր քարտուղարին հետ միասին։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց​​ Եկեղեցական Ակադեմիայի ուսանողներուն, որոնք աւարտեցին միսիոներական տարին, եւ այս առիթով անոնց ուղղեց ողջոյնի խօսք մը որուն մէջ յիշեց անցեալ շաբաթ քահանայապետական ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին` իր անոնց ուղղած յորդորը, ըլլալու «իրենց ոտքերը գետին ունեցող հովիւներ», որպէսզի քահանայապետական ներկայացուցչութիւններուն մէջ մարմնացնեն Քահանայապետի ծառայութեան ի սպաս այդ քահանայի պատկերը, որ լաւապէս ներկայացուցած է պետրոսեան առաքելութեան Ինքնագիրին մէջ, որով «սլացք տրուեցաւ ձեր հաստատութեան `որ պիտի տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 325 ամեակը», նշեց Նորին Սրբութիւնը։

«Այնպէս ինչպէս ակնարկեցի վերջերս, Սուրբ Աթոռի Յոբելեանի ծիրէն ներս մի քանի հանդիպումներու ժամանակ, ի նպաստ բոլոր Եկեղեցիներուն ինծի վստահուած ծառայութեան բնորոշ այդ հոգատարութեան պահպանումը`, կը պահանջէ Պետական ​​Քարտուղարութեան և Քահանայապետական ​​ներկայացուցիչներու հաւատարիմ և անփոխարինելի ծառայութիւնը, որոնց հետ դուք շուտով պիտի սկսիք համագործակցիլ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու խրախուսեց ներկաները իրենց «քահանայական պարգեւը ի գործ դնելու խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ, մօտիկութեան եւ ունկնդրութեան կարողութեամբ, որպէս Քրիստոսի Բարի Հովիւի հաւատարիմ եւ անխոնջ աշակերտներ»։

«Ինչ` որ ալ ըլլան ձեզի յանձնուած պարտականութիւնները, աշխարհի որեւէ մէկ վայրի մէջ ուր կը գտնուիք, Քահանայապետը պէտք է կարողանայ վստահիլ այնպիսի քահանաներու վրայ, որոնք աղօթքի ու աշխատանքի մէջ չեն վարանիր իրենց վկայութեամբ մօտիկութիւն տանելու ժողովուրդներուն և եկեղեցիներուն» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն այն «անձնազոհութեան համար», որով անցած տարուայ ընթացքին «նուիրուեցան տարբեր միջավայրերու մէջ», ապա ի սրտէ օրհնեց անոնց նոր առաքելութիւնը Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ​​ծառայութեան ներքոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2025, 13:43