Եպիսկոպոսը կոչուած է ըլլալու հաւատքի եւ յոյսի մարդ. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Չորեքշաբթի` 25 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն Յոյսի Յոբելեանի առիթով ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած երեք հարիւրէ աւելի եպիսկոպոսներուն հետ, Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի «Աթոռի Խորանին» մօտ անոնց ներկայացնելով խորհրդածութիւն մը։
Քահանայապետը երախտագիտութեամբ ողջունեց եւ ընկալեց Հռոմ եկած ուխտաւոր Եպիսկոպոսները, յիշեցնելով անոնց, որ նախ քան Հովիւներ ըլլալը անոնք նաեւ Տիրոջ հօտին ոչխարներ են ու հրաւիրեց Սուրբ Դռան տակէն անցնելով նորոգուին հոգեւորապէս` համապատասխանելու համար Քրիստոսի սրտին։
Լեւոն ԺԴ. հուսկ յղում կատարեց Յոբելենական տարին հռչակող «Spes non confundit» կոնդակին, որ է նաեւ Յոբելենական տարուան բնաբանը` «յոյսը որ յուսախաբ չի թողուր», ընդգծելով Եպիսկոպոսներուն յոյսի վկաները ըլլալու կարեւորութիւնը նաեւ դժուար ժամանակներու ընթացքին։
Եպիսկոպոսը իր տեղական եկեղեցւոյ միասնութեան տեսանելի սկզբունքն է, հաղորդութեան պահապանը և Աւետարանը տարածողը, որ կը վայելէ ձեռնադրութեան ժամանակ ստացած շնորհքի աջակցութիւնը, նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։
Ան կոչուած է ըլլալու հաւատքի մարդ, ինչպէս Մովսէսը, որ տեսաւ «անտեսանելին», և յոյսի մարդ, մօտիկ անոնց` որոնք կը տառապին, աջակցութիւն ցուցաբերելով ոչ թէ խօսքերով, այլ ներկայութեամբ և վկայութեամբ։
Անոր հաւատքն ու յոյսը մարմնաւորուած են հովուական բարեգործութեան մէջ. անոր ամբողջ ծառայութիւնը պէտք է ոգեշնչուած ըլլայ Քրիստոսի և ժողովուրդի հանդէպ սիրով, ապրուի աղօթքի, Հաղորդութեան և եղբայրութեան մէջ։
Խորհրդածութեան մէջ Լեւոն ԺԴ. բարձր գնահատեց հովուական խոհեմութիւնը, որ կը դրսևորուի երկխօսութեան և սինոդական կառավարման միջոցաւ, ու գնահատեց նաեւ աւետարանական աղքատութիւնը՝ ապրուած սթափութեամբ, առատաձեռնութեամբ և աղքատներու հանդէպ զօրակցութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ կարեւորեց կուսակրօնութիւնը` որ պէտք է ապրուի ողջախոհութեամբ եւ բիւրեղ սրտով, որպէս վկայութիւն Յիսուսի հետեւորդը ըլլալու, հրաւիրելով ներկաները նաեւ վճռակամ պայքարելու որեւէ տեսակ ոտնձգութեան դէմ։
Ան ի վերջոյ ընդգծեց մարդկային առաքինութիւններու կարեւորութիւնը` որպէս հովուական յարաբերութիւններու հիմնարար որակներ. անկեղծութիւն, համբերութիւն, խոհեմութիւն, ունկնդրութիւն եւ ծառայութիւն՝ ապա ճառը աւարտեց բոլորին վրայ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոսի հովանին` որպէսզի եպիսկոպոսները ըլլան քահանաներու հայրերն ու եղբայրները, միութեան և հաղորդութեան խթանողները։
Հանդիպումը վերջ գտաւ հաւատոյ դաւանանքի երգեցողութեամբ եւ Սրբազան Պապին ներկաներուն շնորհած առաքելական օրհնութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
