Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց Սան Թոմէ եւ Փրինսիփի հանրապետութեան նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 30 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Սան Թոմէ եւ Փրինսիփի հանրապետութեան նախագահ, Քարլոս Մանուէլ Վիլա Նովա ։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, աքր Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին հետ, Պետական քարտուղարութեան մէջ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին բարձր գնահատուած է Սուրբ Աթոռի եւ Սան Թոմէ եւ Փրինսիփի միջեւ գոյացած երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները եւ կեդրոնացումի նիւթ եղած է Երկրի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակի կարգ մը կէտերը, մասնաւորապէս տեղական եկեղեցւոյ հետ առողջապահական եւ կրթական ոլորտէն համագործակցութիւնը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով թերակղզիին մէջ երիտասարդներուն կազմաւորման։
Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցաւ կարծիքներուն փոխանակում տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ՝ ընդգծելով ազգերու միջեւ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան խթանման կարեւորութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
