Որոնել

2025.06.25 Seminaristi delle Diocesi del Triveneto

Քահանայապետին հանդիպումն ու ճառը «Triveneto» Թեմի նորընծաներուն հետ

«Յիսուսին հեր հանդիպիլը կը փրկէ մեր կեանքը ու մեզի կը պարգեւէ ուժ եւ ուրախութիւնը Աւետարանը հաղորդելու բոլորին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 25 Յունիս 2025-ի առաւօտեան նախ քան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հրապարակային ունկնդրութիւնը գլխաւորելը Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.  անուան հրապարակին վրայ հանդիպեցաւ եւ ողջունեց «Triveneto » Թեմէն յոբելենական ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած 150 նորընծաները իրենց եպիսկոպոսներու ու կազմաւորումով զբաղող անձնակազմի անդամներուն հետ։

Քահանայապետին հանդիպումն ու ճառը «Triveneto» Թեմի նորընծաներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումն ու ճառը «Triveneto» Թեմի նորընծաներուն հետ   (@Vatican Media)

Այս առիթով ներկաներուն ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Պապը ակնարկեց անոնց տարածաշրջանի քրիստոնէական արմատներուն, ուր կը «փայլի բազմաթիւ Մարտիրոսներու եւ Սուրբ Հովիւներու վկայութիւնը», ըսաւ Ան յիշելով այդ Մարտիրոսներէն եւ Սուրբ Հովիւներէն ոմանք ու հրաւիրելով ներկաները շարունակելու այդ առաքելութիւնը, «մխրճուելով շնորհքի այդ հարուստ պատմութեան մէջ, զայն պահպանելով ու նորոգելով Տիրոջ հետքերուն վրայ»։

«Մի՛ յուսահատիք, եթէ ձեր առջև եղած ճանապարհը երբեմն դժուար կը դառնայ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. մէջբերելով Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Ա. 7 սեպտեմբեր 1978-ին Հռոմի Կղերական դասին արտասանած ճառէն խօսքեր. «Մարզուեցէք շարունակական ոչ դիւրին ջանքերու։ Նոյնիսկ Յակոբի երազին մէջ տեսած հրեշտակները չէին թռչէր, այլ քայլ առ քայլ կը բարձրանային աստիճանները. երեւակայեցէք մենք՝ որ առանց թերերէ զուրկ աղքատ մարդիկ ենք»:

Քահանայապետին հանդիպումն ու ճառը «Triveneto» Թեմի նորընծաներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումն ու ճառը «Triveneto» Թեմի նորընծաներուն հետ   (@Vatican Media)

Ան ապա յղում կատարեց Սուրբ Օգոստինոսի դարձին, որ կը տատամսէր, որովհետեւ մէկ կողմէն կը փափաքէր նուիրուիլ Քրիստոսին բայց միւս կողմէն կաշկանդուած էր խղճահարութեամբ եւ փորձութիւններով եւ այսպիսով կը քաշուի իր տան պարտէզ` խոկալու համար եւ այնտեղ անոր կ՛երեւնայ Զսպուածութեան առաքինութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Ինչո՞ւ կանգնած ես, և չես կանգնիր քու վրադ։ Առանց վախի նետուիր Աստուծոյ վրայ։ Ան ետ չի քաշուիր քեզ իյնացնելու համար։ Նետուիր վստահութեամբ, Ան քեզ կ՛ընդունի եւ կը բժշկէ» (Խոստովանութիւն Ը 27):

«Որպէս հայր մը ձեզի կը կրկնեմ այս խօսքերը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ., որ մեծ բարիք հասցուցին Սուրբ Օգոստինոսին, անոնք վաւեր չեն միայն կուսակրօնութեան առումով, որ ճանաչելի, պաշտպանելիք և կրթելիք խարիզմ է, այլեւ կարող են առաջնորդել ձեր զատորոշումի և կազմաւորման ճանապարհը` մինչեւ ձեռնադրութեան առաքելութիւն»։ Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը հրաւիրեց նորընծաները «անսահման վստահութիւն ունենալու Տիրոջ վրայ, որ զանոնք կանչեց» ու «հրաժարելու ինքնաբաւ ըլլալու կամ միայնակ կատարելու կարողութեան ձևացումէն»։

Քահանայապետին հանդիպումն ու ճառը «Triveneto» Թեմի նորընծաներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումն ու ճառը «Triveneto» Թեմի նորընծաներուն հետ   (@Vatican Media)

Անկասկած, ձեզմէ իւրաքանչիւրը «իր սեփական կազմաւորումի գլխաւոր հերոսն է և կոչուած է աճելու մարդկային, հոգևոր, մտաւոր և հովուական ոլորտներէն ներս..... սակայն գլխաւոր հերոսներ չի նշանակեր մենակատարներ։ Հետևաբար, ես ձեզ կը հրաւիրեմ միշտ զարգացնելու հաղորդութիւնը, առաջնախաղ ձեր ճեմարանի ուղեկիցներուն հետ։ Լիակատար վստահութիւն ունեցէք ձեր դաստիարակներուն վրայ՝ առանց դժկամութեան կամ երկմտանքի։ Եւ դուք, դաստիարակներ, լաւ ուղեկիցներ եղէք ձեզի վստահուած աշակերտներու ճանապարհորդութեան. Անոնց առաջարկեցէք ձեր կեանքի և ձեր հաւատքի խոնարհ վկայութիւնը. ուղեկցեցէք անոնց անկեղծ սիրով։ Թող բոլորդ իմանաք, որ ձեզի կ՛ աջակցի Եկեղեցին, առաջնախաղ եպիսկոպոսի դէմքով», եղան հուսկ Քահանայապետին խրատները, որ ապա որպէս վերջին յորդոր խնդրեց` որ անոնք իրենց հայեացքը միշտ սեւեռած պահեն Յիսուսին վրայ, անոր հետ մշակելով բարեկամութեան յարաբերութիւն։

Քահանայապետին հանդիպումն ու ճառը «Triveneto» Թեմի նորընծաներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումն ու ճառը «Triveneto» Թեմի նորընծաներուն հետ   (@Vatican Media)

«Յիսուսին հեր հանդիպիլը կը փրկէ մեր կեանքը ու մեզի կը պարգեւէ ուժ եւ ուրախութիւն Աւետարանը հաղորդելու բոլորին» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եւ ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին իրեն կատարած այցելութեան համար ու մաղթելով «բարի երթ» Սուրբ Կոյս Մարիամի առաջնորդութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2025, 09:15