Որոնել

Լեւոն ԺԴ.-ի յանուն խաղաղութեան ու միութեան մէկ ամսուայ քահանայապետութիւնը

Մէկ ամիս առաջ` անցեալ 8 Մայիսին Քահանայապետ կ՛ընտրուէր աւազանի անունով `Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթը, Օգոստինեան միաբանութենէն պատմութեան մէջ առաջին Քահանայապետը, որ առաւ Լեւոն ԺԴ. անունը եւ այս ամսուայ ընթացքին ուրուագծեց իր Քահանայապետութեան յստակ ուղղութիւնը կեդրոնացած խաղաղութեան, միութեան եւ կարեկցութեան վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

8 Մայիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 18.07 Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզէն դուրս եկած սպիտակ ծուխը աշխարհին կ՛աւետէր պատմութեան մէջ 267-րդ Քահանայապետի ընտրութիւնը։ Մէկ ժամ ետք` Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն աշխարհին կը յայտնուէր աւազանի անունով Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթը, Օգոստինեան միաբանութենէն պատմութեան մէջ առաջին Քահանայապետը, որ առաւ Լեւոն ԺԴ. անունը

Քրիստոսի խաղաղութիւնը ձեր հետ

«Քրիստոսի խաղաղութիւնը ձեր հետ, զինաթափուած եւ զինաթափող, հեզ ու հետեւողական», Լեւոն ԺԴ. իր Քահանայապետութեան առաջին վայրկեաններէն հայցեց խաղաղութիւնը, երբ առաջին անգամ դուրս եկաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն, 8 Մայիսի ժամը 19,23-ին, երբ անոր հաշտութեան եւ երկխօսութեան ի նպաստ կոչը հնչեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ու այնտեղէն համայն աշխարհին մէջ։

Զինաթափել բառերը

Այդ օրէն ետքը ան հանրային հանդիպումներուն ընթացքին բազմիցս կրկնեց խաղաղութեան կոչը ինչպէս եղաւ պարագան անոր առաջին Մարեմեան աղօթքին, երբ հաստատեց. «Այլեւս Ոչ երբեք պատերազմ», մատնանշելով յատկապէս Կազայի եւ Ուքրանիոյ, ապա ընդգծեց` «բառերու, եւ ոչ միայն զէնքերու զինաթափելու» հարկաւորութիւնը, տարածք բանալու համար իսկական երկխօսութեան եւ հաշտութեան։

Քրիստոնեաներու Միութիւնը

Նորին Սրբութեան այս առաջին ամսուայ այլ մտահոգութիւններէն մին, որ ի յայտ եկաւ անոր ճառերու ընդմէջէն, Քրիստոնեաներու ու Եկեղեցւոյ միութիւնն է։

Ան` որպէս Քահանայապետութեան նշանաբան ընտրեց «In Illo uno unum» այսինքն «միակ Քրիստոսի մէջ մենք մէկ ենք», ու այս մէկը կ՛արտայայտէ միացած, ընդելուզող ու հաշտուած Եկեղեցւոյ մը տեսութիւնը։ Քրիստոնեաներու միութիւնը ապա, ըստ Լեւոն ԺԴ. երկարատև խաղաղութեան անփոխարինելի նախադրեալ է և համամիութենական ու միջ կրօնական յանձնառութիւն։

Անբռնութիւնը որպէս կեանքի ոճ

Քահանայապետը կը հրաւիրէ անբռնութիւնը որդեգրել ոչ միայն որպէս մեթոտ, այլ նաեւ որպէս առօրեայի ոճ` կառուցելու համար Միսիոնար եւ բաց Եկեղեցի մը։

Անոր երազն է միսիոներական Եկեղեցի մը` որ կը շրջանցէ մշակութային եւ աշխարհաքաղաքական սահմանները, դառնալու համար հաշտութեան թթխմոր աշխարհին մէջ, փարոս` մարդկութեան գիշերներուն մէջ, ոգեշնչուած դարձով, ողորմածութեամբ և առաքելութեամբ։

Ընտանիք եւ ամուսնական դաշինք

Ընտանիքը Լեւոն ԺԴ.-ի համար խաղաղութեան նշան է ու ապագայի յոյս, վայր` ուր կը փորձարկուի Աստուծոյ սէրը եւ ուր պայքար կը մղուի ընկերութեան մասնատումի դէմ։

«Այսօրուայ աշխարհը կարիքը ունին ամուսնական դաշինքին, ճանչնալու եւ ընկալելու համար Աստուծոյ սէրը եւ միացնող ու հաշտեցնող ուժով յաղթահարելու այն ուժերը` որոնք կը բաժնեն ու կը մասնատեն յարաբերութիւններն ու ընկերութիւնը» հաստատած է նորընտիր Սրբազան Պապը իր մէկ ելոյթին մէջ ապա խրախուսած է վկայել «ամուսնութեան խորհուրդին շնորհքը», որովհետեւ քրիստոնէական կեանքը «Յիսուսին հետ հանդիպումի սքանչելի փորձառութիւնն է», ոչ թէ լոկ «շարք մը օրէնքներ ու պատուիրաններ» զոր պէտք է յարգել։

Կարեկցութիւնն ու մօտիկութիւնը

Կեդրոնական է ապա կարեկցութեան մատնանշումը որպէս մարդկային արժէք նախ քան քրիստոնէական արժէք. Արդարեւ 8 Մայիսի երեկոյեան Լեւոն ԺԴ, հաստատած էր որ «նախ քան կրօնական հարց ըլլալը կարեկցութիւնը մարդկայնական հարց է» ու նաեւ «հաւատացեալ ըլլալէ առաջ մենք կոչուած ենք ըլլալու մարդկային» եւ ահա թէ ինչու կարեկցութիւն կ՛արտայայտուի շօշափելի արարքներով` մօտիկ ըլլալ, ներգրաւուած, ուրիշներուն հոգ տանիլ...«եթէ մէկուն մը կ՛ուզես օգնել չես կարող մտածել անորմէ հեռու պահել դուն քեզ, պէտք ես ներգրաւուիլ, կեղտոտուիլ ու մի գուցէ վարակուիլ...որովհետեւ միւսը առաքուող ծանրոց մը չէ, այլ մէկը, որուն հոգ տանիլ»։

«Կարեկցութիւնը կը սորվինք Յիսուսի սրտէն» բացատրեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. եւ անոր հետ է որ կը կառուցենք խաղաղութիւնը։

Եզրակացնելով այս առաջին ամսուայ ընթացքին Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը ուրուագծեց Քահանայապետութիւն մը` որ հիմնուած է տիեզերական եղբայրութեան վրայ, Եկեղեցի մը, որ բոլորի համար օճախ է եւ հոգեւոր առաջնորդ` որ հիմնուած է լսողութեան, երկխօսութեան և շօշափելի մարդկայնութեան վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2025, 08:44