Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE

Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ` Անթոնիօ Քոսթան

Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած զրոյցներու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները եւ ցանկութիւնը՝ առ աւելիով աշխուժացնելու երկխօսութիւնը` ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, մասնաւորապէս՝ կապուած համաշխարհային սովի վերացման և ամենաաղքատ երկիրներու զարգացումը խթանելու համար համաշխարհային հիմնադրամ ստեղծելու առաջարկի հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը այսօր` Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ` Տիար Անթոնիօ Քոսթայի, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը` Գերապ. Միրոզլաւ Վաչովսքին։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նեաւ թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած զրոյցներու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները եւ ցանկութիւնը՝ առ աւելիով աշխուժացնելու երկխօսութիւնը` ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, մասնաւորապէս՝ կապուած համաշխարհային սովի վերացման և ամենաաղքատ երկիրներու զարգացումը խթանելու համար համաշխարհային հիմնադրամ ստեղծելու առաջարկի հետ։

Զրոյցի շարունակութեան ընթացքին քննարկուեցաւ միջազգային ներկայ իրավիճակը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիայի և Կազայի հակամարտութիւններուն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2025, 18:12