Որոնել

Pope Leo XIV receives in audience Argentine President Milei at the Vatican

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Արժանթինի Նախագահ Խավիէ Միլէյին

Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր` Շաբաթ 7 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Արժանթինի Հանրապետութեան Նախագահ` Խավիէ Կերարտօ Միլէյին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը` Գերապ. Միրոզլաւ Վաչովսքին» լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդութեան մէջ։

Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած սիրալիր զրոյցներու ընթացքին վերահաստատուեցաւ փոխադարձ գնահատանքը երկկողմանի ամուր փոխյարաբերութիւններուն համար ու զանոնք աւելիով ամրապնդելու կամքը։

Այնուհետև քննարկումը կենտրոնացաւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վրայ, որոնց շարքին՝ ընկերա-տնտեսական միտումներու, աղքատութեան դէմ պայքարի և սոցիալական միութեան նկատմամբ յանձնառութիւն վրայ։

«Ի վերջոյ, քննարկուեցան որոշ տարածաշրջանային և միջազգային սոցիալ-քաղաքական հարցեր՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով շարունակուող հակամարտութիւններուն վրայ՝ ընդգծելով խաղաղութեան աջակցելու անյապաղ պարտաւորութեան կարևորութիւնը» գրուած է միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2025, 11:39