Որոնել

2025.06.07 Partecipanti al Simposio Ecumenico dedicato al 1700° Anniversario del Consiglio di Nicea

«Նիկիոյ Ժողովը կողմնացոյց է` որ կ՛առաջնորդէ դէպի բոլոր քրիստոնեաներու լիակատար տեսանելի միութիւնը» Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Պապը ընդգծեց Նիկիոյ ժողովին կարեւորութիւնը` որպէս միասնական հիմք` ըլլայ կաթողիկէներուն ըլլայ օրթոտոքս եկեղեցիներուն համար, այս ծիրէն ներս ակնարկելով համամիութենական ուղեւորութեան ու այդ Ժողովին 1700 ամեակին առիթով հրատարակուած փաստաթուղթին, որուն մէջ կը հաստատուի` որ այս առիթը «անգնահատելի հնարաւորութիւն է ընդգծելու, որ այն ինչ որ մեզ կը միացնէ շատ աւելի ուժեղ է՝ քանակապէս և որակապէս, քան մեզ բաժնող բաները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այսօր` Շաբաթ 7 Յունիսի առաւօտեան Վատիկանի Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց` 4-էն 7 Յունիսին Քահանայապետական Անճելիքում համալսարանի մէջ կայացած «Նիկիոյ Ժողովը և երրորդ հազարամեակի Եկեղեցին. դէպի կաթողիկէներու և ուղղափառներու միութիւն» խորագիրով գիտաժողովի մասնակցողներուն։

Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց բարի գալուստի ջերմ ողջոյն մը` յատուկէն ողջունելով Օրթոտոքս եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները ու գնահատելով Գիտաժողովին աշխատանքները։

Նիկիոյ Ժողովը` կողմնացոյց

Ան ապա հաստատեց` որ «Նիկիոյ ժողովը (325) անցեալի իրադարձութիւն մը չէ այլ կողմնացոյց` որ պէտք է շարունակէ մեզ առաջնորդել դէպի բոլոր քրիստոնեաներու լիակատար տեսանելի միութիւնը» .... «անիկա այլ Տիեզերական Ժողովներու նման ժողով մը չէ, կամ շարք մը ժողովներուն առաջինը, այլ Ժողովը, որ հռչակեց քրիստոնէական հաւատքի կանոնը՝ 318 հայրերու հաւատքի խոստովանութիւնը»։

Սրբազան Պապը ընդգծեց այդ ժողովին կարեւորութիւնը` որպէս միասնական հիմք` ըլլայ կաթողիկէներուն ըլլայ օրթոտոքս եկեղեցիներուն համար, այս ծիրէն ներս ակնարկելով համամիութենական ուղեւորութեան ու այդ Ժողովին 1700 ամեակին առիթով հրատարակուած փաստաթուղթին, որուն մէջ կը հաստատուի` որ այս առիթը «անգնահատելի հնարաւորութիւն է ընդգծելու, որ այն ինչ որ մեզ կը միացնէ շատ աւելի ուժեղ է՝ ըլլայ քանակական ըլլայ որակական տեսանկիւնէն, քան մեզ բաժնող բաները»։

Նիկիոյ Ժողովի հաւատքի դաւանանքը

Արդարեւ վերոնշեալ գիտաժողովի ընթացքին քննարկուած երեք նիւթերէն մին էր Նիկիոյ Ժողովին Հաւատոյ դաւանանքը` «որուն վերադառնալը կարող է մեզ օգնել շրջանցելու համար այն բաժանումները. որոնք տակաւին գոյութիւն ունին», նկատել տուաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։

Սիւնհոդոսականութիւնը

Գիտաժողովի ընթացքին արծարծուած երկրորդ նիւթը «սիւնհոդոսականութիւնն» էր։ Նիկիոյ Ժողովը սկիզբ դրաւ եկեղեցական կառավարման սինոդալ աւանդութեան եւ Լեւոն ԺԴ. Պապը այս ուղղութեամբ գնահատեց Արեւելքի Եկեղեցիներուն ներդրումը Վատիկանի մէջ կայացած սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սինոդին ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն` Եկեղեցիներու միջեւ մշակելու սիւնհոդոսական միասնական գործընթացքներ` ամրապնդելու համար միութիւնը։

Զատիկը տօնելու միասնական թուական

Սուրբ Զատկուայ միասնական թուականը հանդիսացած էր վերոնշեալ գիտաժողովին երրորդ կէտը, որուն մասին արտայայտուելով Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց անոր կարեւորութիւնը ու այս ուղղութեամբ վերահաստատեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տրամադրելիութիւնը միասին գործելու, հասնելու համար միասնական թուականի մը` որուն մէջ տօնախմբել «տօներուն տօնը», Տիրոջ Յարութիւնը, որով աւելի մեծ միսիոներական ուժ կը տրուի մեր` «Յիսուսի անուան ու փրկութեան» քարոզութեան, «որ կը ծնի հաւատքէն Աւետարանի փրկարար ճշմարտութեան մէջ»։

Եկ Սուրբ Հոգի

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը յիշելով վաղը նշուող Հոգեգալուստի տօնը, մատնանշեց թէ «միութիւնը, որուն կը ձգտին Քրիստոնեաները մեր ջանքերուն եւ ուժերուն արդիւնքը չէ», եւ «չի իրագործուիր նախապէս սահմանուած ձեւերու եւ մեթոտներու միջոցաւ», այլ պիտի ըլլայ ընկալուած պարգեւ մը «այնպէս ինչպէս Քրիստոս կ՛ուզէ եւ այն միջոցներով որ Ան կ՛ուզէ» Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։

«Ասոր համար այժմ կը հրաւիրեմ ձեզ բոլորդ որ յոտնկայս միասին աղօթենք` Սուրբ Հոգիէն հայցելով միութեան շնորհքը, աղօթքով մը` զոր քաղուած է արեւելեան աւանդութենէն» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը եւ աղօթեց հետեւեալ աղօթքը.

 

Ով Երկնային Թագաւոր, Մխիթարիչ, Հոգի Ճշմարտութեան

որ ես ամենուրէք եւ կը լեցնես ամէն բան

Օրհնութիւններու գանձ ու կեանքի պարգեւող

եկուր եւ բնակէ մեր մէջ

մեզ բիւրեղացուր որեւէ անմաքրութենէ

ու փրկէ, ով Բարեգործ, մեր հոգիները։

 

«Տէրը թող ըլլայ ձեր հետ։ Ամենակարող Աստուծոյ՝ Հօր, Որդւոյ և Սուրբ Հոգիի օրհնութիւնը թող գայ ձեր վրայ և մնայ ձետ հետ յաւիտեան։ Ամէն։ Շատ շնորհակալ եմ« եղան Լեւոն ԺԴ. աղօթքէն ետքը արտասանած եզրափակիչ խօսքերը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2025, 12:00