2019.05.14 Robotica  e Intelligenza artificiale - Conferenza organizzata dall' Accademia Pontificia delle Scienze

Լեւոն ԺԴ. պատգամը Հռոմի արհեստական ​​բանականութեան երկրորդ ամենամեայ համաժողովին

«Իսկական իմաստութիւնը կը հայի կեանքի իմաստին, եւ ոչ թէ տուեալներու քանակին» գրեց Լեւոն ԺԴ.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 20 Յունիս 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց Հռոմի արհեստական ​​բանականութեան երկրորդ ամենամեայ համաժողովի մասնակիցներուն, անոնց փոխանցելով իր բարեմաղթանքն  ու աղօթքը։

ԱԲ մասին շարունակական երկխօսութեան անհրաժեշտութիւն

«Ձեր այստեղ ներկայութիւնը վկայութիւնն է  Արհեստական ​​Բանականութեան ներքին բարոյական չափանիշի և անոր պատասխանատու կառավարման վերաբերեալ լուրջ մտորումներու և շարունակական երկխօսութեան անհրաժեշտութեան», գրած է Քահանայապետը պատգամին մէջ ուրախութիւն արտայայտելով, որ Համաժողովը գումարուած է Առաքելական Պալատէն ներս, որ «յստակ նշան է Եկեղեցւոյ փափաքին, մասնակցելու այդ քննարկումներուն, որոնք  ուղղակիօրէն կը դպչին մարդկային ընտանիքի ներկային եւ ապագային» նշած է Ան, ակնարկելով ԱԲ մարդկութեան ի նպաստ օգտակարութեան բայց նաեւ այն հարցականներուն` որոնք ի յայտ կու գան Արհեստական ​​բանականութեան արագ զարգացումէն, որ  «խոր հարցեր կը  յառաջացնէ այս արհեստագիտութեան  ճիշտ օգտագործման վերաբերեալ»։

Աբ նախ եւ առաջ գործիք է եւ պէտք է զայն օգտագործել ի նպաստ մարդկութեան բարօրութեան 

«ԱԲ թէեւ մարդկային հանճարի բացառիկ պտուղն է, ան նախ եւ առաջ գործիք է» նշած է Լեւոն ԺԴ. յիշելով իրեն նախորդ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը ու ակնարկելով զայն օգտագործելու բարոյական արժէքին. «ԱԲ օգտագործուեցաւ խթանելու համար հաւասարութիւնը, բայց կարելի է նաեւ որ ան շահագործուի եսասիրական նպատակներու կամ հակամարտութիւններ հրահրելու» դիտել տուած է Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով «Եկեղեցւոյ պատրաստակամութիւնը» այս ոլորտէն ներս սատարելու «անդորր եւ տեղեկացուած երկխօսութեան» ի նպաստ «մարդկային եւ ընկերութեան համապարփակ զարգացումին»։  

Զգոյշ ըլլալ «մարդկայինի» իմաստի կորուստի վտանգէն 

«Այս մէկը կ՛ ենթադրէ մարդկանց նիւթական, մտաւոր և հոգևոր բարեկեցութեան մասին հոգատարութիւն, իւրաքանչիւր մարդու անձեռնմխելի արժանապատուութեան պաշտպանութիւն և ժողովուրդներու մշակութային և հոգևոր բազմազանութեան յարգումը» հաստատած է հուսկ Լեւոն ԺԴ. որ ապա զգուշացուցած է «մարդկայինի» իմաստի կորուստի վտանգէն, որ ապրուած է  մեր ընկերութիւններուն մէջ, յատկապէս երիտասարդներու միջեւ, հրաւիրելով ուշադիր ըլլալ եւ չի շփոթել  «տուեալներուն հասանելիութիւնը իրական բանականութեան հետ, ինչը կ՛ ենթադրէ ճշմարտութեան և բարութեան նկատմամբ բացուածք» շեշտած է Ան ։

«Իսկական իմաստութիւնը կը հայի  կեանքի իմաստին, եւ ոչ թէ տուեալներու քանակի»

«Իսկական իմաստութիւնը կը հայի  կեանքի իմաստին, եւ ոչ թէ տուեալներու քանակի» գրած է  Լեւոն ԺԴ. պատգամին մէջ, որ ապա զայն աւարտած  է մաղթելով, որ համաժողովի աշխատանքները նպաստեն արհեստական ​​բանականութեան մշակոյթի մը ստեղծման, որ հիմնուած  ըլլայ զօրակցութեան, մարդկայնութեան և իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ, ապա բոլորին վրայ հայցած է «իմաստութեան ուրախութեան եւ խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւնները»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2025, 11:50