Լևոն ԺԴ. Քահանայապետին Մալթայի Ինքնիշխան Ռազմական Ուխտի անդամներուն ուղղած պատգամը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Մալթայի Ինքնիշխան Ռազմական Ուխտի պաշտպան սուրբ` Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ծիսական տօնին առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի 24 Յունիսին, պատգամ մը յղած է Ուխտի անդամներուն, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց բարեսիրական ծառայութեան եւ Ուխտի կանոնական ու հոգեւոր նորոգումի յանձնառութեան համար։
Շնորհակալութիւն
«Եկեղեցին ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն բոլոր բարիքին համար զոր կը կատարէք այնտեղ ուր կայ սիրոյ կարիք, եւ այնպիսի իրավիճակներու մէջ` որոնք շատ անգամ շատ դժուար են», գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ եւ Յովհաննէս Մկրտիչը ներկայացուցած է` որպէս տիպար հաւատարմութեան եւ ճշմարտութեան հռչակումին, հրաւիրելով Ուխտին անդամները հետեւելու անոր օրինակին։
Հաւատքի պաշտպանութիւն և աղքատներուն ծառայութիւն
Սրբազան Պապը առ այդ վերահաստատած է` որ Ասպետական Ուխտի առաքելութիւնը՝ «tuitio fidei և obsequium pauperum - հաւատքի պաշտպանութիւն և աղքատներուն ծառայելը», միասնական խարիզմ է, որ կը միացնէ հաւատքն ու աղքատներուն ծառայութիւնր եւ ասկէ մեկնելով զգուշացուցած է այն վտանգէն որ Ուխտը դառնայ լոկ բարեգործական կազմակերպութիւն, այն պարագային որ պակսի Աստուծոյ սիրոյն բացայայտ հռչակումը, ապա կոչ ուղղած է արթուն մնալու եւ հսկելու` միջոցներու օգտագործման վրայ։
Միջոցները օգտագործել Աւետարանի լոյսին ներքոյ
«Անշուշտ, աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ ձեր Ուխտի կողմէ իրականացուող այդքան շատ գովասանքի արժանի բարի գործերուն համար ձեզի անհրաժեշտ են բազմաթիւ միջոցներ, անոնց շարքին տնտեսական, և բազմաթիւ միջնորդութիւններ: Սակայն դուք միշտ պէտք է զգոյշ ըլլաք միջոցները դիտարկելու միայն որպէս այդպիսին եւ որ կը ծառայեն նպատակին հասնելու համար»։ Անոնք արդարեւ պէտք է համապատասխանեն Աւետարանին, դիտել տուած է ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։
Խուսափիլ աշխարհիկութենէն
Գնահատելով հանդերձ Սահմանադրական կանոնադրութեան և «Մելիթէնսէ կանոնագրքի» բարեփոխումները, Լեւոն ԺԴ. ընդգծած է` որ բարեփոխումը պէտք է սկսի ներքին դարձէն, յատկապէս Առաջին Դասի` վերնախաւի անդամներէն, որոնք «պէտք է դիմագրաւեն աշխարհականացումի փորձութիւնը, այսինքն կեանք մը` որ արմատացած չըլլայ աւետարանին վրայ...։»
Կազմաւորման կարեւորութիւնը
Ի վերջոյ Ան ընդգծած է կազմաւորման կարեւորութիւնը, որ հիմնուած ըլլայ աղօթքի վրայ։ «Կազմաւորումը հիմնական երեւոյթ է նուիրեալ կեանքի բոլոր հաստատութիւններուն համար և յատկապէս պահանջկոտ է՝ ներկայ ժամանակներու թեկնածուներու կեանքի բարդութեան պատճառաւ» նշած է Սրբազան Պապը աւելցնելով, որ այս մէկը. «աւելի քան երբևէ կը պահանջէ կազմաւորողներու յատուկ կազմաւորում, առանց որուն կազմաւորման աշխատանքը կը մնայ մօտաւորական և անարդիւնաւէտ, ինչպէս կը պատահի նաեւ, եթէ անոր գործընթացն ու բովանդակութիւնը լաւ սահմանուած չըլլան»։
Լեւոն ԺԴ քաջալերած է հուսկ Ուխտի որոշ անդամներուն հասարակական կեանք ապրելու փափաքը ապա պատգամը աւարտած է բոլորին վրայ հայցելով Ֆիլերեմոյի Սուրբ Կոյսին, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Երանելի Ճերատոյոի հովանին ապա շնորհած է իր առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
