Որոնել

Russian drone and misille strike in Kyiv

«Պէտք չէ վարժուինք պատերազմին։ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է» Լեւոն ԺԴ. կոչը

«Իրականութեան մէջ, ի տես այսօրուայ պատերազմներուն մէջ օգտագործուած բոլոր տեսակի գիտական​​ զէնքերու, անոնց դաժանութիւնները կը սպառնան հակամարտող կողմերը տանելու դէպի բարբարոսութիւն....» նկատել տուաւ Լեւոն ԺԴ. ապա «Յանուն մարդկային արժանապատւութեան եւ միջազգային իրաւունքին» պատասխանատուներուն յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը, թէ «Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է», ապա Պիոս ԺԲ. Քահանայապետին հետ «Ոչ մէկ բան կը կորսուի խաղաղութեամբ։ Ամէն ինչ կարող է կորսուիլ պատերազմով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 18 Յունիս 2025-ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը տարբեր լեզուներով ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալները, նախ քան իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքը կոչ ըրաւ ի նպաստ խաղաղութեան եւ զինաթափումին, հաստատելով որ «պէտք չէ վարժուինք պատերազմին» ու թէ պէտք է «դիմադրենք հզօր և բարդ սպառազինութիւններու հրապոյրին»։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Եկեղեցւոյ սիրտը յօշոտուած է պատերազմի վայրերէն լսուող աղաղակներուն համար, մասնաւորապէս՝ Ուքրանիայէն, Իրանէն, Իսրայէլէն, Կազայէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց «Պէտք չէ վարժուինք պատերազմին։ Ընդհակառակը, պէտք է` որպէս փորձութիւն ետ մղենք հզօր և բարդ սպառազինութիւններու հրապոյրը»։

«Իրականութեան մէջ, ի տես այսօրուայ պատերազմներուն մէջ օգտագործուած բոլոր տեսակի գիտական​​ զէնքերու, անոնց դաժանութիւնները կը սպառնան հակամարտող կողմերը տանելու դէպի բարբարոսութիւն, որ անհամեմատ կերպով շատ աւելի մեծ է քան անցեալի բարբարոսութիւնները» նկատել տուաւ Լեւոն ԺԴ. ապա «Յանուն մարդկային արժանապատւութեան եւ միջազգային իրաւունքին» պատասխանատուներուն յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը, թէ «Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է», ապա Պիոս ԺԲ. Քահանայապետին հետ «Ոչ մէկ բան կը կորսուի խաղաղութեամբ։ Ամէն ինչ կարող է կորսուիլ պատերազմով» յարեց Լեւոն ԺԴ։։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2025, 11:10