Որոնել

2025.06.21 Spettacolo teatrale "Proyecto Ugaz" credits Francisco Rodriguez Torres

Անհանդուրժելի են Եկեղեցւոյ մէջ ոտնձգութիւնները։ Շնորհակալութիւն ճշմարտութիւնը որոնող լրագրողներուն. Լեւոն ԺԴ

Կոչ բոլոր տեսակի բռնութեան դէմ՝ սեռական, իշխանութեան, խղճի։ Այս է Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի կողմէ ուղարկած պատգամի պարունակութիւնը` Փերույի «Proyecto Ugaz» թատերական ներկայացման առիթով, որ նուիրուած Է Փաոլա Ուկազին, լրագրող, որ յայտնի է այժմ լուծարուած «Սոտալիսիոյ» շարժման վերաբերեալ իր հետաքննութեամբ և, անոր համար հալածուած։ Այս կնոջ փորձառութիւնէն ոգեշնչուելով՝ Սրբազան Պապը կը քաջալերէ մամուլի ազատութիւնը. «Այնտեղ, որտեղ լրագրողը կը լռեցուի, ժողովրդավարութիւնը կը թուլանայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

3-էն 29 Յունիս 2025-ին Փերույի Լիմա քաղաքի մէջ ամէն տեսակի չարաշահումներու դէմ և մամուլի ազատութեան ի սպաս բեմադրուած` «Proyecto Ugaz» թատերական ներկայացման առիթով, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է, որուն մէջ ընդգծած է հարկաւորութիւնը «Եկեղեցւոյ մէջ արմատաւորելու կանխարգելման մշակոյթ, որ չի հանդուրժէր որևէ բռնութիւն», ընդգծելով, որ հաւատքը չի կարող անտեսել մարդկային վէրքերը։

Վերոնշեալ թատերական ներկայացումը, նուիրուած է Փաոլա Ուկազին, լրագրողուհի, որ յայտնի է «Sodalizio di Vita Cristiana- Քրիստոնէական կեանքի ընկերակցութիւն» շարժման վերաբերեալ իր հետաքննութեան համար, որ այժմ Սուրբ Աթոռի կողմէ լուծարուած է, այնտեղ գործուած ոտնձգութիւններու ու կաշառակերութիւններու բերումով։

Պատգամին մէջ, որուն ընթերցումը կատարեց Գերապ Ժորտի Պետթոմուն, Նորին Սրբութիւնը աջակցութիւն արտայայտած է թատերական վերոնշեալ ներկայացումին որ կը դատապարտէ «Սոտալիսիոյի» ներքոյ կատարուած ոտնձգութիւնները, ներկայացումը որակելով «արդարութեան արարք ի յիշատակ զոհերուն»։

Ոչ միայն թատրոն այլ յիշողութիւն

«Այս աշխատանքը միայն թատրոն չէ. ալ յիշողութիւնն է, դատապարտում և, ամէնէն առաջ, արդարութեան դրսևորում» գրախ է Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ այս բեմադրութեան միջոցաւ «լրագրողները՝ քաջութեամբ, ճշմարտութեամբ եւ հաւատարմութեամբ, կը բացայայտեն Եկեղեցւոյ վիրաւոր, բայց յոյսով լի դէմքը»։

Արդարութեան համար   պայքարը պայքարն է Եկեղեցւոյ

Նորին Սրբութիւնը ընդգծած է ապա` թէ ինչպէս ճշմարտութեան եւ աւելիով դիւրաբերկնրու պաշտպանութեան ի նպաստ պայքարը կեդրոնական տեղ ունին Եկեղեցւող մէջ։ «Արդարութեան համար  պայքարը պայքարն է նաեւ Եկեղեցւոյ» գրած է Ան շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք վճրակամ շարունակեցին իրենց պայքարը այդ չարաշահումներուն դէմ, կարեւորելով «կանխարգելման մշակոյթ»ի մը Եկեղեցւոյ մէջ արմատացումը , որ «չի հանդուրժէր չարաշահման որևէ ձև՝ ո՛չ իշխանութեան, ո՛չ խղճի, ո՛չ հոգևորի, ո՛չ ալ սեռային։

Այս մշակոյթը իսկական կը դառնայ միայն եթէ ծնի գործունեայ հսկողութենէ մը, թափանցիկութենէն եւ զոհերուն անկեղծ ունկնդրութենէ», գրած է  Սրբազան Քահանայապետը։

Ան ապա մեծարած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է լրագրողներուն ու մասնաւորապէս Փաոլա Ուկազին` որ 10 նոյեմբեր 2022-ին նամակ յղած էր Ֆրանչիսկոս Պապին, անորմէ պաշտպանութիւն հայցելով երեք լրագրողներու դէմ ի գործ դրուած անարդար հալածանքներուն համար, որոնք ի յայտ դրած էին վերոնշեալ Եկեղեցական շարժումի գործած չարաշահումները եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց. «լրագրողներուն առաքելութիւնը սուրբ է` գործել որպէս կամուրջ փաստերու և ժողովրդի խիղճի միջև, նոյնիսկ հսկայական դժուարութիւններու պարագային»

Այնտեղ ուր կը լռեցուի լրագրողը, ազգի ժողովրդավարական հոգին կը թուլանայ

«Այսօր կրկին կը բարձրացնեմ իմ ձայնս՝ մտահոգութեամբ և յոյսով՝ նայելով Փերույի իմ սիրելի ժողովրդիս։ Քաղաքական և սոցիալական այս ուժեղ լարուածութիւններու ժամանակաշրջանին մէջ ազատ և բարոյական լրագրութեան պաշտպանութիւնը ոչ միայն արդարութիւն է, այլեւ պարտականութիւն անոնց համար, որոնք կը ցանկանան ամուր և մասնակցածին ժողովրդավարութիւն» հաստատած է հուսկ Լեւոն ԺԴ պատգամին մէջ աւելցնելով որ «հանդիպումի մշակոյթը չի կառուցուիր դատարկ բառերով, այլ  փաստերով, որոնք կը պատմուին լրջութեամբ, առարկայականութեամբ , յարգանքով և քաջութեամբ»։

«Այնտեղ ուր կը լռեցուի լրագրողը, ազգի ժողովրդավարական հոգին կը թուլանայ։ Մամուլի ազատութիւնը անփոխարինելի համընդհանուր բարիք է։ Անոնք, որոնք այս կոչումը կը կատարեն խղճով, պէտք չէ լռեցուին մանր շահերով կամ ճշմարտութեան բացայայտումի վախի բերումով» նշած է հուսկ Սրբազան Պապը կոչ ուղղելով  Փերուացի լրագրողներուն վախ չունենալու։

«Ձեր աշխատանքով դուք կարող էք ըլլալ խաղաղութեան, միասնութեան և սոցիալական երկխօսութիւն ճարտարապետներ։ Եղէք խաւարի մէջ լոյսի սերմանողներ» եղան Լեւոն ԺԴ. եզրափակիչ յորդորական խօսքերը որ ապա մաղթեց` որ թատերական վերոնշեալ ներկայացումը «արթնցնէ սրտերը, շարժէ խիղճերը, ու սատարէ կառուցելու համար Եկեղեցի մը` ուր ոչ մէկը տառապի լռութեան մէջ եւ ուր ճշմարտութիւնը ըլլայ ազատութեան ճանապարհ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2025, 08:58