Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետն ու Վիեթնամի փոխ նախագահը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետն ու Վիեթնամի փոխ նախագահը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Վիեթնամի փոխ նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին Վիեթնամի փոխ նախագահին հետ ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այսօր՝ 30 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Վիեթնամի հանրապետութեան փոխ նախագահ, Վօ Թի Ան Խուան։ Փոխ նախագահը ապա հանդիպեցաւ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին հետ։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատուած է Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ դրական յարաբերութիւններուն զարգացումները, մասնաւորապէս Վիթենամի մէջ Քահանայապետական ներկայացուցչութեան կանոնադրութեան մասին պայմանագիրին իրարանցման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ ընդգծուած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վիեթնամի հասարակութեան մէջ ներդրումը։ Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում Երկրի ընկերային քաղաքական իրավիճակի մասին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն վերաբերեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2025, 14:28