Որոնել

2025.06.05 Superiori e Officiali della Segreteria di Stato

Պետքարտուղարութիւնը այսօր կ՚արտացոլէ Եկեղեցւոյ դէմքը. Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Քահանայապետը 5 Յունիսին Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունեց Պետական Քարտուղարութեան ղեկավարներն ու պաշտօնեաները․ «զիս կը մխիթարէ գիտնալ, որ առանձին չեմ եւ կարող եմ ձեզի հետ կիսել իմ համընդհանուր ծառայութեան պատասխանատուութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 5 Յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունեց Պետական Քարտուղարութեան ղեկավարները եւ պաշտօնեաները։

Պետական ​​քարտուղարութեան դերը եւ պատմութիւնը.

«Պետքարտուղարութիւնը, որպէս Պապի Քարտուղարութիւն՝ Պետքարտուղարի կողմէ ղեկավարուող, սերտօրէն կ՛աջակցէ Սրբազան Քահանայապետին իր գերագոյն առաքելութեան իրականացման գործին մէջ»։ «Praedicate Evangelium» սահմանադրութիւնը մէջբերելով՝ Լեւոն ԺԴ. ներկաներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը շեշտեց թէ՝ զինք  «կը մխիթարէ գիտնալ, որ մինակս չեմ եւ կարող եմ ձեզի հետ կիսել իմ տիեզերական ծառայութեան պատասխանատուութիւնը»։

Ան ապա յանպատրաստից կերպով «անկեղծ ու ի սրտէ» շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին, ըսելով․ որ «տակաւին մէկ ամիս չէ անցած Պետրոսեան առաքելութեան իմ ծառայութենէն եւ ակնյայտ է, որ Քահանայապետը միայնակ չի կարող յառաջ շարժիլ եւ շատ անհրաժեշտ է, կարողանալ յոյսը դնել Սուրբ Աթոռի մէջ շատերու համագործակցութեան վրայ, բայց նամանաւանդ՝ Պետական ​​քարտուղարութեան բոլոր աշխատակիցներուն վրայ»։

Նորին Սրբութիւնը շարունակեց իր խօսքը՝ հակիրճ անդրադարձ կատարելով Հաստատութեան պատմութեան, որուն արմատները «սկիզբ կ’առնեն ԺԵ․ դարի աւարտին», եւ որ ժամանակի ընթացքին ընդլայնուած է՝ արձագանքելու եկեղեցական եւ միջազգային կարիքներուն, եւ այսօր արտացոլումն է Եկեղեցւոյ ընդհանրական դէմքին՝ աշխարհականներու եւ կանանց ներգրուածութեամբ, յարեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ․։

Մարդեղութիւն եւ կաթողիկէութիւն

Այդ «մեծ համայնքը» Սրբազան Պապին հետ միասին կը կիսէ համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդի դժուարութիւնները, մարտահրաւէրները եւ յոյսերը», աւելցուց Ան եւ բացատրեց, որ այդ մէկը կ’իրականացուի արտայայտելով երկու էական ծաւալներ՝ մարդեղութիւն եւ կաթողիկէութիւն։

Մարդեղութիւն, այսինքն մարմնաւորուած ըլլալ ժամանակի եւ պատմութեան մէջ, «որպէսզի Աւետարանի ուրախութիւնը հասնի բոլորին»։ Միաժամանակ ձգտելով «միշտ պահպանել կաթողիկէ՝ այսինքն ընդհանրական հայեացք, որ թոյլ կու տայ գնահատել տարբեր մշակոյթներն ու զգայունութիւնները» եւ կը խթանէ Եկեղեցւոյ, տեղական եկեղեցիներու եւ միջազգային հանրութեան միջեւ հաղորդակցութիւնը։

Պետքարտուղարութեան բարեփոխումները եւ անոր համակարգող դերը

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ ապա, որ Սուրբ Պօղոս Զ.-․ի կողմէ Քուրիայի բարեփոխումները՝ արտացոլացնելով ժամանակներու մարտահրաւէրներուն ուշադիր Եկեղեցւոյ կարիքները, ամրապնդեց Պետական ​​քարտուղարութեան դերը` որպէս համակարգող կեդրոն՝ Առաքելական Աթոռի տարբեր Վերատեսչութիւններու եւ հաստատութիւններու միջեւ։

Լեւոն ԺԴ․ բարեփոխումներու ծիրէն ներս կրկին անդրադարձաւ «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեան եւ նշեց, որ՝ Ընդհանուր գործերու բաժնին եւ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժնին զուգահեռ, այդ Սահմանադրութեամբ,ստեղծուեցաւ Դիւանագիտական ​​անձնակազմի բաժինը՝ որ հոգ կը տանի աշխարհի մէջ Առաքելական Նուիրակութիւններու եւ դիւանագիտական ​​անձնակազմի անդամներուն

Մօտիկութիւն եւ երախտագիտութիւն

Սրբազան Պապը, ի վերջոյ, անգամ մը եւս իր մօտիկութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց Պետական Քարտուղարութեան անդամներուն՝ անոնց զուսպ, իրաւասու եւ աւետարանական ոգիով աշխատանքի համար՝ յորդորելով պահպանել հաւատքի, գթասիրութեան եւ միասնութեան միջավայր՝ յեռու անձնական նկրտումներէն կամ բաժանումներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2025, 10:45