Լեւոն ԺԴ. Հաւատքին մէջ յոյսը կ՝աջակցի դժուարութիւններու մէջ եւ կը բանայ դէպի ապագայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 5 յունիսին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Իտալա-ամերիկեան Ազգային հիմնադրամի (Niaf), վարչական խորհուրդի անդամները, հիմնադրամի հիմնադրութեան 50-րդ տարուան առիթով։
Քահանայապետը նախ անգլերէն լեզուով սրտաբուխ խօսք ուղղեց ներկաներուն ապա կարդաց գրաւոր պատգամը։
Սրտաբուխ խօսքին մէջ Քահանայապետը ներկաներուն ներողամտութիւնը հայցեց ուշացումին համար նշելով որ «Վատիկանի ծրագրաւորումի համակարգը կը նախատեսէր միաժամանակ չորս ունկնդրութիւններ։ Այսպէսով ցաւօք, դուք էք որ պէտք էիք սպասել ինծի եւ ոչ հակառակը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յիշեցնելով, որ հիմնադրութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպումէն ետք, ինք պիտի գլխաւորէ Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։
Բարգաւաճ ապագայի մը յոյսը
Քահանայապետը հուսկ անոնց ուղղեց այս առիթով պատրաստած ճառը ակնարկելով Իտալա-ամերիկան հիմնարկի բազմաթիւ գործունէութիւններուն. Երիտասարդներու միջեւ պատմութեան եւ մշակոյթի խթանումէն սկսեալ մինչեւ կրթաթոշակի շնորհումը եւ բարեգործական նախաձեռնութիւններուն աջակցութիւնը, Իտալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, այդպէսով նպաստելով, երկու ազգերու միջեւ «շօշափելի եւ փոխ շահաւէտ կապին»։
Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ գաղթական Իտալացի համայնքը մասնաւորապէս յատկանշուած է Կաթողիկէ հաւատքով, որ սնուած է իր աւանդութիւններով եւ ունակ է դիմադրելու մշակութային եւ ընկերային արմատախլութեան։
Պահպանել հոգեւոր ժառանգութիւնը։
Լեւոն ԺԴ. Պապը ապա անդրադարձաւ յոյսի նուիրուած յոբելենական Սուրբ տարուան նշելով, որ հիմնարկի անդամներուն այցը Վատիկան տեղի ունեցաւ Յոբելենական Սուրբ Տարուան ընթացքին՝ որ կեդրոնացածէ յոյսի վրայ, ու մաղթեց որ «Բազմաթիւ մարտահրաւէրներով» բնութագրուած դարաշրջանին մէջ, հիմնարկի անդամներու կեցութիւնը հռոմի մէջ` - քաղաքը, որ յատկանշուած է Պետրոս եւ Պօղոս Առաքեալներուն գերեզմաններով, ինչպէս նաեւ պատմութեան դժուար ժամանակաշրջաններուն մէջ եկեղեցին զօրացուցած բազմաթիւ սուրբերով - վերանորոգէ ներկաներուն մէջ «յոյսի զգացումը» եւ « ապագային նկատմամբ» վստահութիւնը։
Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց ներկաներուն ու անոնց ընտանիքներուն ապահովեցնելով իր աղօթքները որպէսզի միշտ պահպանեն հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւնը, որ ստացած են իրենցմէ առաջ եկողներէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
