Որոնել

Air India plane crash in Ahmedabad

Լեւոն ԺԴ. Պապին ցաւը Հնդկաստանի մէջ օդանաւի արկածին ի լուր

Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը Սրբազան Պապը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ 242 ուղեւորներու ընտանիքներուն, որոնք զոհ եղան «Air India» օդանաւային ընկերութեան պատկանող Boeing 787-ի արկածին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խոր տխրութիւն», այս է այն ինչ որ կը յայտնէ Լեւոն ԺԴ. Պապը ի լուր արկածին, որ պատահեցաւ այսօր` 12 Յունիսին, Հնդկաստանի Ահմատապատ քաղաքի բնակելի թաղամասին մէջ, որտեղ թռիչք առնելէն կարճ ժամանակ ետք վթարի ենթարկուեցաւ դէպի Լոնտոն թռչող Air India օդանաւային ընկերութեան Boeing 787 օդանաւը, որուն մէջ կը ճամբորդէին 242 ուղևորներ։

Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ստորագրութիւնը կրող հեռագիրին մէջ Լևոն ԺԴ.-ը «իր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ իրենց կեանքը կորսնցուցած անձերու ընտանիքներուն և բարեկամներուն»։ Ան կը հաւաստիացնէ, որ կ՛ աղօթէ «բոլոր անոնց համար, որոնք ներգրաւուած են վերականգնման աշխատանքներուն մէջ»։ «Զոհուածներու հոգիները Ամենակարողի ողորմածութեան վստահելով՝ Սրբազան Քահանայապետը «բժշկութեան և խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւն» կը հայցէ բոլոր անոնց համար` որոնք տուժեցին այս աղէտէն ։

Օդանաւը ինչպէս նշեցինք ուղղուած էր դէպի Լոնտոն՝ որուն մէջ ի միջի այլոց կը ճամբորդէին 53 բրիտանացի, 7 փորթուկալցի և մէկ Քանատացի ուղեւորներ:

Զոհերու շարքին են նաև մի քանի բժիշկ-մասնագէտներ, որոնք կ՛ապրէին վարժարանի մը հանրակացարանին մէջ ուր օդանաւը ջախջախուեցաւ։

Հնդկաստանի վարչապետ` Նարենտրա Մոտին իր X ընկերային ցանցին վրայ կատարած գրառման մէջ միջադէպը որակած է «սրտաճմլիկ ողբերգութիւն»: Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ Քէյր Սթարմերը եւս իր խորին ցաւակցութիւնները փոխանցած է ուղևորներու ընտանիքներուն «այս խորը վիշտի պահին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2025, 14:40