Քահանայապետը նորընծաներուն. Քրիստոսի սիրտով՝ միսիոներական եկեղեցւոյ ծառաներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 24 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ յաջորդաբար ընդունեց կարդինալ Մաուրօ Փիաչէնցա, Սպանիոյ Մէրիտա Պատաժոց թեմի արք. Գերպ Խօսէ Ռոտրիկէզ Քարպալլօ, Պանկլատեշի մէջ Պապական նուիրակ, գերպ Քեվին Ռանտալլ, Երուսաղեմի Սուրբ Գերեզմանի մեծ վարպետ, կարդինալ Ֆիլոնին ընկերակցութեամբ, Փոմփէի արք, գերպ Թոմասզօ Քափութոյ։
Ապա Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապ ընդունեց Յոյսի նուիրուած յոբելինական սուրբ տարուան ծիրէն ներս, նորընծաներուն Յոբելեանին իրենց մասնակցութիւնը բերող աւելի քան 4000 նորընծաները ու ներկայացուց հոգեւոր խորհրդածութիւն, ունենալով որպէս նիւթ կոչումն ու Յիսուսի Սուրբ Սիրտը։
Խորհրդածութեան սկիզբը Քահանայապետը Իր ուրախութիւն յայտնեց սոյն հանդիպումին համար ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նորընծաներուն «ոգեւորութեամբ լեցուն ներկայութեան համար, որ յոյս կը սնուցէ եկեղեցւոյ մէջ»։ Քահանայապետը ապա նշեց, որ նորընծաները ոչ միայն ուխտաւորներ են, այլ յոյսի վկաներ են՝ ներգրաւուած քահանայական կոչումի արկածախնդրութեան մէջ՝ դժուար ժամանակներուն մէջ, պատրաստ խոնարհութեամբ եւ քաջութեամբ հռչակելու փրկութեան խօսքը, որպէս ծառաներ, դուրս եկող եւ միսիոներական եկեղեցիէն ներս»։
Քրիստոսի հետ բարեկամութիւն
«Քրիստոսի հանդէպ ձեր «այո»ն ծնած է Անոր հետ բարեկամութենէն, որ պէտք է աճի նոյնիսկ ձեռնադրութենէն ետք, ընդգրկելով կեանքի բոլոր երեւոյթները» ըսաւ նորին Սրբութիւնը աւելցնելով «Գիտէք, Յիսուս ձեզ կը կանչէ նախ եւ առաջ ապրելու համար Իր հետ բարեկամութեան փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ լեռնագնաց բարեկամներուն հետ փորձառութիւն մը, որ մշտապէս պէտք է աճի, նոյնիսկ ձեռնադրութենէն ետք եւ որ կը ներառէ կեանքի բոլոր երեւոյթները։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով նորընծաները դառնալու երջանիկ անձեր ու քահանաներ անոնց ըսաւ. «Իրականութեան մէջ ձեր մէջ չկայ ոչ մէկ բան, որ պէտք է մէկդի դրուի, այլ ամէն ինչ պէտք է ընդունուի եւ վերափոխուի հատիկի տրամաբանութեան մէջ, որպէսզի դառնաք երջանիկ անձեր եւ քահանաներ, «կամուրջներ» եւ ոչ թէ խոչընդոտներ Քրիստոսի հետ հանդիպումին՝ բոլոր անոնց համար, որոնք կը մօտենան ձեզի։ Այո՛, Ինք պէտք է աճի եւ մենք փոքրանանք, որպէսզի կարողանանք ըլլալ հովիւներ Իր սիրտին համաձայն», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսի սիրտին նուիրած Dilexit nos շրջաբերականը ըսելով. «Յիշեցէք սիրտի կեդրոնական դերը, ուղեւորութեան շարժիչը, ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականը։ Նորընծայարանը պէտք է ըլլայ սիրոյ դպրոց՝ հակամարտութիւններով յատկանշուած շրջանակին մէջ, սորվելով սիրել Յիսուսի պէս։ Ասոր համար, անհրաժեշտ է աշխատիլ ներքինին վրայ, լսելով Աստուծոյ ձայնը սիրտին մէջ, նաեւ լռութեան, աղօթքի եւ խորհրդածութեան միջոցաւ։ Սիրտի շարժումները՝ յուզումներու եւ զգացումներում միջեւ սորվիլը, մեզ կ՝օգնէ ըլլալու հարազատներ ու ապրելու առանց դիմակներուն, ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց նորընծաները հայցելու Սուրբ Հոգիէն հնազանդ սիրտը ունենալու, որ կարող է ընկալել Աստուծոյ ներկայութիւնը ամեն տեղ, նաեւ ժամանակակից մշակոյթի եւ մարտահրաւէրներուն մէջ, ինչպէս արհեստական բանականութիւնը ու ընկերային ցանցեր։
«Զգայուն եղէք նաեւ աղքատներուն, փոքրերուն, ընկճուածներուն, մասնաւորապէս երիտասարդներուն աղաղակին նկատմամբ» յանձնարարեց Սրբազան հայրը, Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով զատորոշումի կարեւորութեան վրայ նշեց, «Եթէ հոգ տանիք ձեր սիրտին, ամենօրեայ լռութեան, խորհրդածութեան եւ աղօթքի պահերով, պիտի կարողանաք սորվիլ զատորոշումի արուեստը։ Սա նաեւ կարեւոր աշխատանք է. Սորվիլ զատորոշել։ Երբ մենք երիտասարդ ենք, մեր մէջ կը կրենք բազմաթիւ ցանկութիւններ, երազանքներ եւ սնապարծութիւններ։ Սիրտը յաճախ խճողուած է եւ կը պատահի որ շփոթուած ըլլայ։
Ունենալ հեզ եւ խոնարհ սիրտ
Խորհրածութեան մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց նորընծաները ունենալու հեզ եւ խոնարհ սիրտ ու մաղթեց, որ Սուրբ Պօղոսի օրինակին հետեւելով ընդունին Քրիստոսի զգացումները, յառաջդիմելու համար մարդկային հասունութեան մէջ, յատկապէս զգացումներու եւ յարաբերութիւններու մէջ։
Լեւոն ԺԴ Պապը հրաւիրեց նորընծաները, որ աշխարհին մէջ՝ ուր յաճախ կայ ապերախտութիւն եւ իշխանութեան ծարաւ, ուր երբեմն կը թուի թէ կը գերակշռէ մեկուսացումի տրամաբանութիւնը, վկայեն Քրիստոսի երախտագիտութիւնը ու անշահախնդրութիւնը, Անոր սիրտին ուրախութիւնը, քնքշութիւնը եւ ողորմածութիւնը, կիրառելով ընդունելութիւն, ծառայութիւն եւ ողորմածութիւն ու թոյլ տալով, որ Սուրբ Հոգին օծէ մեր մարդկութիւն։
«Քրիստոսիս Սիրտը, որ լի է կարեկցանքով մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու բարի սամարացի կիսելով սէր, Խօսք ու բաժնեկցութիւն» ըսաւ Քահանայապետը ու մաղթեց որ նորընծաներուն կազմաւորումը ըլլայ գործօն եւ ոչ թէ կրաւորական, ապրելով ներկան եւ նայելով ապագային մարգարէական սիրտով, խորացնելով Տիրոջ հետ անձնական յարաբերութիւնն եւ իւրացնելով Անոր սիրտի զգացումները։
Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու մաղթելով հաւատքի եւ կոչումի բարի ուղեւորութիւն, ապա նորընծաներու հետ միասին արտասանեց «հաւատամք»ը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
