Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ Սուրբ Պատարագ, Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը 22 յունիսին, Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Մայր Տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը եւ թափօրը։
Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ, կիրակի 22 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ։ Այս մասին նշուած է Ծիսական արարողութիւններուն գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ, ուր է աւելցուած է, թէ Պատարագի աւարտին, Սուրբ Հաղորդութեան թափօրով Քահանայապետը կ՝ուղղուի Մարիա Մաճորէ տաճար։
Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, սուրբ Հաղորդութեան թափօրով, ամենէն թախանձագին աղօթքներէն մին է ։ Այս տօնակատարութիւնը կը յիշեցնէ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ Յիսուսի իրական ներկայութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
