Il Papa, fermare tragedia guerra prima che sia tardi

«Այսօր աւելի քան երբեւիցէ մարդկութիւնը կ՛աղաղակէ եւ խաղաղութիւն կը հայցէ». Լեւոն ԺԴ.

«Պատերազմը հարցեր չի լուծեր, ընդհակառակը զանոնք աւելիով կը մեծցնէ եւ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կը յառաջացնէ խոր վէրքեր, ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղելով նաեւ Քաղաքական պատասխանատուներուն ստանձնելու պատերազմը կեցնելու բարոյական պատասխանատուութիւնը նախ քան, որ ան դառնայ անդառնալի վիհ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 22 Յունիսի կէսօրին Առաքելական Պալատի գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը սրտաբուխ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ խաղաղութեան ու մարդասիրական օգնութիւններուն` որոնց կարիքը ունին բազմաթիւ քաղաքացիներ։

«Պատերազմը հարցեր չի լուծեր, ընդհակառակը զանոնք աւելիով կը մեծցնէ եւ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կը յառաջացնէ խոր վէրքեր», ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղելով նաեւ Քաղաքական պատասխանատուներուն ստանձնելու պատերազմը կեցնելու բարոյական պատասխանատուութիւնը` նախ քան, որ ան դառնայ անդառնալի վիհ մը։

«Կը շարունակուին ահազանգող լուրեր հասնիլ Միջին Արեւելքէն մասնաւորապէս Իրանէն։ Այս ողբերգական իրավիճակին մէջ, որ կը ներառէ Իսրայէլն ու Պաղեստինը, բնակչութեան ամենօրեայ տառապանքները կարող են մոռացութեան մատնուիլ, յատկապէս Կազայի և այլ տարածքներուն մէջ, ուր համարժէք մարդասիրական աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը երթալով կը դառնայ աւելի հրատապ», ըսաւ կոչին սկիզբը Սրբազան Պապը։

«Այսօր աւելի քան երբեւիցէ մարդկութիւնը կ՛աղաղակէ եւ խաղաղութիւն կը հայցէ։ Աղաղակ մըն է` որ կը պահանջէ պատասխանատուութիւն և ողջմտութիւն, և պէտք չէ, որ խեղդուի զէնքերու շառաչիւնով և հակամարտութիւն հրահրող հռետորական խօսքերով։ Միջազգային հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամ ունի բարոյական պատասխանատուութիւն` կեցնել պատերազմի ողբերգութիւնը, նախ քան, որ ան դառնայ անդառնալի վիհ մը։ Չկան «հեռաւոր» հակամարտութիւններ երբ վտանգուած է մարդկային արժանապատւութիւնը» աւելցուց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ու հաստատեց` թէ «Պատերազմը հարցերը չի լուծեր, ընդհակառակը զանոնք կը մեծցնէ եւ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կը յառաջացնէ խոր վէրքեր, որոնց բուժման համար սերունդներ պէտք են»։

«Ոչ մէկ զինեալ յաղթանակ կարող է փոխհատուցել մայրերուն ցաւը, երեխաներուն վախը, գողցուած ապագան» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու դիւանագիտութեան կոչ ուղղեց որ «լռեցնէ զէնքերը»։ ։

«Թող` որ Պետութիւնները իրենց ապագան կերտեն խաղաղութեան գործերով, ոչ թէ բռնութեան ու արիւնալի հակամարտութիւններով» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու ողջունեց հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները որոնց շարքին էին նաեւ խորհրդարանականներ ու քաղաքապետեր որոնք այս օրերուն մասնակցեցան ԿառավարիչներՈՒ ու Քաղաքական Վարչութիւններու Յոբելենական ուխտագնացութեան։

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլորին ու յատկապէս անոնց` որոնք այսօր գործնականապէս կը մասնակցին Սուրբ Հաղորդութեան տօնին։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ եւ բարի Կիրակի ըսաւ Ան հրաժեշտ առնելով բոլոր ներկաներէն եւ աւարտելով կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2025, 12:44