Որոնել

2025.06.19 Visita Centro trasmittente di Radio Vaticana a Santa Maria di Galeria

Բազմաթիւ անմեղներ կը մահանան` պէտք է միասին որոնել խաղաղութիւնը». Լեւոն ԺԴ

Երէկ Սանթա Մարիա տի Կալերիա կատարած այցելութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հակիրճ հարցազրոյց մը ունենալով Իտալական Ռայ հեռուստակայանի «Tg1» տեղեկատուական յայտագիրին հետ, գնահատանք արտայայտեց Ռատիօ Վատիկանի մատուցած ծառայութեան համար, որ կը հասնի նաեւ այնպիսի վայրեր` ուր ուրիշ հաղորդումներ չեն հասնիր, ապա խօսեցաւ նախատեսուած «ֆոտովոլտային» նախագծի մասին, որ «հրաշալի հնարաւորութիւն» է կլիմայի փոփոխութեան հետևանքները լուծելու համար:

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կը ցանկանայի վերստին կոչ ընել ի սպաս խաղաղութեան, ամէն գնով փորձելու խուսափիլ զէնքի կիրառումէն», «դիւանագիտական ​​գործիքներու միջոցաւ որոնելու երկխօսութիւնը»։ Միասին լուծումներ որոնելու` «մահացած բազմաթիւ անմեղներու» ողբերգութեան։

Լեւոն ԺԴ. Պապի խօսքերն են ասոնք` զոր Ան արտասանեց Սանթա Մարիա տի Կալերիա կատարած այցելութեան աւարտին «Tg1» լրատուական յայտագիրին հետ ունեցած հակիրճ հարցազրոյցին ընթացքին։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Ռատիօ Վատիկանի հաղորդիչ կեդրոնին` որ հիմնուած է Պիոս ԺԲ. Քահանայապետին կողմէ 1957-ին եւ այսօր սահմանուած է նաեւ պատասխան տալու կլիմայական փոփոխութեան տագնապին։

«Ես չէի ճանչնար այս կեդրոնը, Վատիկանի Ռատիոյի ալեսփիւռ ձողերը», - ըսաւ ի միջի այլոց Լևոն ԺԴ.-ը, որ ընդգծեց նաեւ` թէ ինչպէս իրեն համար օգտակար եղած է Ռատիօ Վատիկանը) իր Լատին Ամերիկայի մէջ առաքելութեան ընթացքին` երբ «փոքրիկ ռատիոյով» կարողացած է ունկնդրել պապական կայանի կարճալիք հեռարձակումները, «շատ անգամ նոյնիսկ լեռներուն մէջ, որտեղ այլ հնարաւորութիւններ չկային», ըսաւ Ան, աւելցնելով, որ այդ նոյն փորձառութիւնը ապրած է նաեւ Ափրիկէի կատարած իր այցելութիւններու ընթացքին, որպէս Օգիստինեան միաբանութեան մեծաւոր. «Երեկոյեան միշտ կը կարողանայի հետեւիլ լուրերուն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, գնահատանք արտայայտելով Ռատիօ Վատիկանի մատուցած այս կարեւոր ծառայութեան համար։

Սանթա Մարիա տի Կալերիա կենտրոնին մէջ այժմ կը ծրագրուի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ մէկ տարի առաջ հրատարակուած «Fratello sole» Ինքնագիր նամակով հաստատուած գիւղատնտեսական ելեկտրականութեան համակարգի նախագիծը, որ պիտի ապահովէ ոչ միայն ռատիոկայանի էլեկտրաջերմային մատակարարումը, այլեւ Վատիկան քաղաք-պետութեան ամբողջական ելեկտրականութեան ապահովումը։

Լևոն ԺԴ. Պապին համար այս մէկը «գեղեցիկ հնարաւորութիւն» է և «Եկեղեցւոյ կողմէ պարտաւորութիւն»՝ աշխարհին «շատ կարևոր օրինակ» առաջարկելու համար: Բոլորը, ըսաւ Ան, «գիտեն կլիմայի փոփոխութեան հետևանքները, և մենք պէտք է իսկապէս հոգ տանինք ամբողջ աշխարհի, ամբողջ արարչագործութեան, ինչպէս մեզի այդքան յստակ կերպով սորվեցուց Ֆրանչիսկոս Պապը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2025, 07:00