Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Վանական կրտսեր եղբայրներու» եւ «Սուրբ Երրորդութեան» միաբանութիւններու միաբանական ժողովներուն մասնակցողները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 20 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ի շարս պաշտօնական այլ հանդիպումներուն Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց «Frati Minori Conventuali – Վանական կրտսեր եղբայրներու» եւ «Trinitari – Սուրբ Երրորդութեան» միաբանութիւններու վարչական ընդհանուր միաբանական ժողովներուն մասնակցողները եւ այս առիթով անոնց արտասանած խօսքին սկիզբը յատուկ ողջոյն մը ուղղեց վերոնշեալ միաբանութիւններու մեծաւորներուն, որոնք երկուքն ալ վերընտրուեցան իրենց պաշտօնին վրայ։
Ան առ այդ անդրադարձաւ միաբանութիւններու երկու հիմնադիրներուն, յղում կատարելով Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ պահպանուած մէկ որմնանկրաին, որուն մէջ պատկերացուցած են ըլլայ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը, ըլլայ Սուրբ Խուան Տէ Մաթան, Իննոչենցօ Գ. Քահանայապետի հետ միասին եւ ասկէ մեկնելով ընդգծեց երկու սուրբերուն` հնազանդութեան ու խոհեմութեան հոգեւոր առաքինութիւնները, որոնք «ուղեցոյց հանդիսացան այն ծառայութեան, զոր Սուրբ Աթոռը կատարած է այդ ժամանակէն ի վեր բոլոր խարիզմներու ի նպաստ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.:
Սրբազան Պապը ապա քաջալերեց՝ Սուրբ Երրորդութեան միաբանութեան անդամները, որ «շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` հալածուող հաւատացեալները մխիթարելու գործին մէջ» յատկապէս Արաբական թերակղզիին, Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Հնդկական ենթացամաքամաին մէջ։
Իսկ Կրտսեր եղբայրներուն ուղղած խօսքին մէջ զանոնք խրախուսեց, որ ապրին հասարակական խոհեմութեամբ և միշտ ունկնդրեն Սուրբ Հոգիին ձայնը՝ հաւատարմօրէն պահելով Աւետարանը և առաջնային դարձնելով Աստուծոյ գովքը»։
«Մեզ պէտք չէ շարժէ մեր անձնական շահը, այլ Քրիստոսի շահը. մենք նախ պէտք է լսենք Անոր Հոգիին ձայնը՝ «ապագան ներկայի մէջ գրելու համար», ինչպէս ըսուած է ձեր Ժողովի բնաբանին մէջ։ Լսել զայն եղբօր ձայնին մէջ, համայնքի զատորոշման մէջ , ուշադրութիւն դարձնելով ժամանակներու նշաններուն եւ Վարդապետական կոչերուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ խօսքը աւարտեց Սուրբ Ֆրանչիսկոսի փառաբանական աղօթքով` ու ներկաներուն վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
