Որոնել

Corpus Domini IT

Լեւոն ԺԴ. Պապին թուիթը` Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առիթով

«Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը թող նորոգէ մեր հաւատքը Տիրոջ մէջ, որ իրապէս ներկայ մեր միջեւ, հացի եւ գինիի կերպարանքով։ Ան թող մեզի ուժ պարգեւէ յաղթահարելու ամէն տեսակ յուսահատութիւն, որպէսզի միշտ կարողանանք իր կամքը կատարել»։

Վատիկան Նիուզ. - Հայկական Բաժանմունք 

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը` Քահանայապետական ԻՔՍ ընկերային ցանցին վրայ հրատարակեց հետեւեալ գրութիւնը.

«Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը թող նորոգէ մեր հաւատքը Տիրոջ մէջ, որ իրապէս ներկայ մեր միջեւ, հացի եւ գինիի կերպարանքով։ Ան թող մեզի ուժ պարգեւէ յաղթահարելու ամէն տեսակ յուսահատութիւն, որպէսզի միշտ կարողանանք իր կամքը կատարել»։

Արդարեւ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ըստ լատինաց, այս տարի կը զուգադիպի 19 Յունիսին, սակայն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2017-ին որդեգրուած որոշումով, տօնակատարութիւնը փոխադրուած ամենամօտ կիրակի օրուան, ուստի յառաջիկայ Կիրակի 22 Յունիսին։

Այդ օրը կէսօրէն ետքը ժամը 5-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան Պազիլիքայիn մէջ կը գլխաւորէ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը, որմէ ետք պիտի հանդիսապետէ նոյն պազիլիքայէն դէպի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա ուղղուած Ամենասուրբ Հաղորդութեան աւանդական թափօրը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2025, 13:30