Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը կրօնաւորուհիներուն. Արմատաւորուած եւ հիմնուած եղէք բարեգործութեան մէջ՝ բարին սերմանելու համար

Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց կրօնաւորուհիներու կարգ մը հաստատութիւններու ներկայացուցիչնեը անոնց տարեկան ընդհանուր ժողովին առթիւ։ Պատգամին մէջ քահանայապետը հրաւիրեց օրինակ առնել Սուրբ Օգոստինոսէն, Սուրբ Բարսեղէն, Սուրբ Ֆրանչիսկոսէն, «Որոնք ստեղծեցին ծառայութեան նոր ուղիներ, յատկապէս երեխաներուն, աղքատներու, գաղթականներու, տարեցներուն եւ հիւանդներուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 30 յունիսին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց կրօնաւորուհիներուն կարգ մը հաստատութիւններուն ներկայացուցիչները, որոնք գումարած են իրենց միաբանութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը եւ ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած են Յոյսի նուիրուած Սուրբ Տարուան առթիւ։

Արտասանած պատգամին մէջ Քահանայապետը Իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումին համար՝ յիշելով, որ «տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր շրջանակներու մէջ ծնած միաբանութիւններու պատմութիւնները ցոյց կու տան համատեղ շարժականութիւն, որուն միջոցաւ անցեալի հոգեւոր կեանքի մեծ տիպարներու՝ ինչպէս Սուրբ Օգոստինոսը, Սուրբ Բարսեղը եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը, եւ հիմնադիրներուն սրբութեան կեանքի եւ քաջութեան միջոցաւ ոգեշնչեցին եւ զարգացուցին ծառայութեան նոր ուղիներ, յատկապէս տկարներուն, աղքատներու պատանիներու, որբերու, գաղթականներու նկատմամբ, որոնց ժամանակի ընթացքին աւելցան հիւանդներ եւ տարեցներ, ինչպէս նաեւ եղբայրսիրութեան բազմաթիւ ծառայութիւններ»։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը մէջբերեց Վատիկանենան Տիեզերական Բ ժողովէն բխած խօսքը՝ ուղղուած բարեգործական ծառայութիւններուն՝ որոնք նուիրուած են կրօնական հաստատութիւններուն, «Բոլոր անդամներուն կեանքը պէտք է լեցուած ըլլայ առաքելական հոգիով եւ ամբողջ առաքելական գործունէութիւն պէտք է ոգեշնչուած ըլլայ կրօնական հոգիով (Decr. Perfectae caritatis, 8), որպէսզի կրօնաւորները, «համապատասխանեն իրենց կոչումին, որ զիրենք կը կանչէ հետեւելու Քրիստոսի եւ ծառայելու Քրիստոսի Իր մարմնին մէջ, մտերիմ միութեան մէջ» ու այս կապակցութեամբ Լեւոն ԺԴ Պապը մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքը. «Աստուած ամէն ինչ է, քու ամէն ինչդ։ Եթէ անօթի ես, Աստուած քու հացդ է, եթէ ծարաւի ես, Աստուած քու ջուրդ է, եթէ խաւարի մէջ կը գտնուիս, Աստուած քու լոյսդ է որ մար չմտներ, եթէ մերկ ես, Աստուած քու անմահ հանդերձն է։ (In Joannis Evangelium, 13, 5).

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց կրօնաւորուհիներուն հաստատութիւններուն ներկայացուցիչներու կատարած աշխատանքներու կարեւորութիւնը իրենց տարեկան ընդանուր ժողովէն ներս  նշելով, որ անոնք կարեւոր ընտրանքներ են որոնցմէ կախեալ է եկեղեցւոյ եւ քոյրերուն ապագան ու այս կապակցութեամբ յիշեց Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներուն փոխանցած մաղթանքը «Թող Քրիստոս բնակի ձեր մէջ հաւատքով, եւ դուք արմատանաք եւ հաստատուիք սիրով։ Եւ այսպէս դուք պիտի առնէք զօրութիւնը, որպէսզի բոլոր սուրբերուն հետ հասկնաք՝ թէ ինչ է Լայնութիւնը, Երկայնութիւնը, Բարձրութիւնը եւ Խորութիւնը, եւ ճանչնաք Քրիստոսի Սէրը, որ կը գերազանցէ ամէն գիտութիւն, եւ լեցուիք Լիութեամբն Աստուծոյ»։ (Եփես 3,17-19)

Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով կրօնաւորուհիներուն հաստատութիւններուն ներկայացուցիչներուն կատարած աշխատանքի ու հաւատարմութեան համար, հայցելով բոլորին վրայ Տիրամօր հովանին։

Պատգամին աւարտին Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները աղօթելու «Հայր մեր» Տէրունական աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2025, 11:45