2025.06.26 Vescovi Redentoristi e Scalabriniani

Լեւոն ԺԴ. Պապը հանդիպում ունեցաւ «Redentorist» եւ «Scalabriniana» միաբանութիւններու եպիսկոպոսներուն հետ

Սրբազան Քահանայպետը ակնարկեց երկու միաբանութիւններու խարիզմներուն այն է գաղթականներու ի սպաս ծառայութիւն եւ հեռաւորներու ու աղքատներու աւետարանումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 26 Յունիս 2025 -ին Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Redentorist» եւ «Scalabrinian» միաբանութիւններու անդամ եպիսկոպոսներուն եւ այս առիթով անոնց ուղղած ճառին մէջ գնահատեց կատարուած ընտրանքը, «որով երկու կրօնական միաբանութիւնները որոշեցին իրարու հանդիպիլ եւ մտքեր փոխարինել, որոնք կը հարստացնեն Եպիսկոպոսները, հանդիպումին ներկայ գտնուող հասարակութիւններու ու նաեւ համայն Աստուծոյ Ժողովուրդը», դիտել տուաւ Սրբազան Պապը Եկեղեցւոյ երախտագիտութիւնը արտայայտելով անոնց տիեզերական եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած ծառայութեան համար։

Սրբազան Քահանայպետը ապա ակնարկեց երկու միաբանութիւններու խարիզմներուն այն է գաղթականներու ի սպաս ծառայութիւն եւ հեռաւորներու ու աղքատներու աւետարանումը։

Սուրբ Ալֆոնսոօ Մարիա տէ Լիկուորին եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Սքալապրինին

«Սուրբ Ալֆոնսոօ Մարիա տէ Լիկուորին, շփուելով տասնութերորդ դարու Նափոլի քաղաքի ամենաանմարդաբնակ թաղամասերու տառապանքին հետ, հրաժարեցաւ յարմարաւէտ կեանքէն և եկամտաբեր ասպարէզէն ՝ ստանձնելով Աւետարանը ամենափոքրերուն հասցնելու առաքելութիւնը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. խօսելով «Redentorist» միաբանութեան հիմնադիրի մասին ապա ակնարկեց Սքալապրինեան միաբանութեան հիմնադիրին` «Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Սքալապրինիին, որ «մէկ դար ետք, կարողացաւ զգալ և իւրացնել բազմաթիւ մարդոց յոյսերն ու տառապանքները, որոնք կը մեկնէին իրենց ետին թողելով ամէն ինչ, հեռաւոր երկիրներու մէջ իրենց և իրենց ընտանիքներուն համար աւելի լաւ ապագայ մը փնտռելու համար»:

Երկուքն ալ եղան հիմնադիրներ ու դարձան Եպիսկոպոս ու գիտցան համապատասխանել ընկերային եւ տնտեսական համակարգերուն, որոնք եթէ մէկ կողմէ կը բանային նոր հորիզոններ միւս կողմէ իրենց ետին կը ձգէին թշուառութիւն եւ հարցեր, ստեղծելով քայքայուած իրականութիւններ, որոնց հետ, կարծես, ոչ մէկը կ՛ ուզէր գործ ունենալ։

«Մենք ալ, որ կ՜ապրինք պատմական պահ մը, որ կը ներկայացնէ մեծ հնարաւորութիւններ եւ ուր միեւնոյն ատեն չեն պակսիր դժուարութիւններն ու հակասութիւնները, ապրելով յոյսին Յոբելեանը, կ՛ուզենք յիշել, թէ ձայնը զոր պէտք է ունկնդրենք որպէսզի հասկնանք թէ ինչ պէտք է ընել` «Աստուծոյ սէրն է», որ հեղած է մեր սրտերուն մէջ Սուրբ Հոգիի միջոցաւ», ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ քաջալերելով ներկաները ապագային եւս պահպանելու եղբայրական աջակցութեան յարաբերութիւնները, առատաձեռնութեամբ ու անվերապահ կերպով, ի բարօրութիւն Քրիստոսի համայն Հօտին»։

Լեւոն ԺԴ. խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց աշխատանքին համար ու օրհնելով զանոնք ու անոնց հասարակութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2025, 10:23