Լեւոն ԺԴ. եւ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը Լեւոն ԺԴ. եւ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Տիեզերական Պատրիարքութեան. Վերահաստատել լիարժէք հաղորդութիւնը

Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ « Կոսդանդպուսոյ քոյր եկեղեցւոյ պատուիրակութեան հետ հանդիպումը՝ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերուն տօնին առթիւ։ Լեւոն ԺԴ. Պապը իր ողջոյնները ու շնորհակալութիւնը յղեց Բարթողոմէոս Պատրիարքին ու յորդորեց շարունակել երկու եկեղեցիներուն միջեւ «լիարժէք տեսանելի հաղորդութեան» վերահաստատման ուղին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 28 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերուն տօնին առթիւ, Հռոմ Ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամները։

Նորին Սրբութիւնը արտասանած պատգամը սկսաւ Իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ Քահանայապետը ընտրուելէ ետք առաջին անգամն է կ՝ողջունէ Կոստանդնուպոլսոյ Քոյր եկեղեցին ներկայացուցած պատուիրակութիւնը, Հռոմի եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբերու, սուրբ Պետրոս եւ սուրբ Պօղոս առաքելապետերուն տօնին առթիւ։

«Երկու եկեղեցիներու միջեւ պատուիրակութիւններու այս աւանդական փոխանակումը՝ պաշտպան սուրբերուն համապատասխան տօներու առթիւ, մեր միջեւ արդեն գոյութիւն ունեցող խոր հաղորդութեան նշան է եւ եղբայրութեան այն կապի արտացոլումը, որ կը միացնէ Պետրոս եւ Անդրէաս առաքեալները» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, որ դարեր տեւած անհամաձայնութիւններէ եւ թիւրըմբռնումներէ յետոյ, Հռոմի Եւ Կոստանդնուպոլսոյ քոյր եկեղեցիներուն միջեւ իսկական երկխօսութեան վերսկսումը հնարաւոր դարձաւ Պօղոս Զ-ի եւ Տիեզերական եկեղեցւոյ Պատրիարք, Աթենակորայի կողմէ ձեռնարկուած քաջ եւ հեռատես քայլերու միջոցաւ ու անոնց յաջորդները շարունակեցին նոյն ուղին՝ աւելի ամրապնդելով երկու եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները, «Այս առումով կը փափաքիմ նշել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նկատմամբ սրտանց մտերմութեան վկայութիւնը՝ որ ներկայացուց Տիեզերական Պատրիարք Նորին Սրբութիւնը Բարթողոմէոս Պատրիարք՝ Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան ապա իմ Քահանայապետութեանս սկիզբի պատարագին իր անձնական մասնակցութիւնով» ըսաւ Լեւոն ԺԴ Պապը։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը ապա Իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մինչեւ այսօր կատարուած ուղեւորութեան համար հաւաստիացնելով իր մտադրութիւնը շարունակելու ջանքերը՝ վերականգնելու համար երկու եկեղեցիներու միջեւ լիարժէք եւ տեսանելի հաղորդութիւնը։

«Այս նպատակին կարելի է հասնիլ միայն Աստուծոյ օգնութեամբ՝ յարգալից ունկնդրութեան եւ եղբայրական երկխօսութեան շարունակական նուիրուածութեան միջոցաւ։ Հետեւաբար այս հարցի վերաբերեալ ես բաց եմ որեւէ առաջարկի առջեւ՝ միշտ խորհրդակցելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ իմ եղբայր եպիսկոպոսներուս հետ, որոնք իմ հետս միասին, իւրաքանչիւրը իր ձեւով կը կիսէ եկեղեցւոյ լիարժէք եւ տեսանելի միութեան պատասխանատուութիւնը»։
(Lumen gentium, 23) ըսաւ Քահանայապետը ու Իր պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն հանդիպումի համար խնդրելով որ իր ողջոյնները փոխանցեն Նորին Սրբութիւն Բարթողոմէոս Պատրիարքին եւ Սուրբ Սինոդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւնս այս տարին կրկին պատուիրակութիւն ուղարկելու համար։

«Թող Սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի, Սուրբ Անդրէասի եւ Սուրբ Աստուածածինի բարեխօսութիւնը ուղեկցի մեզի եւ աջակցի Աւետարանի ծառայութեան մեր նուիրուածութեան մէջ, շնորհակալութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2025, 11:10