Որոնել

TOPSHOT-PALESTINIAN-ISRAEL-IRAN-CONFLICT

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին մտահոգութիւնը Իրան – Իսրայէլ իրավիճակի վատթարացումին ի տես. Կոչ պատասխանատուութեան եւ բանականութեան

«Ադոմական սպառնալիքէն զերծ աւելի անվտանգ աշխարհ մը կառուցելու յանձնառութիւնը պէտք է իրականացուի յարգալից հանդիպման և անկեղծ երկխօսութեան միջոցաւ՝ կառուցելու համար մնայուն խաղաղութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ արդարութեան, եղբայրութեան և ընդհանուր բարօրութեան վրայ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 14 Յունիսին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորած Յոյսի Սուրբ Տարուան նուիրուած Յոբելենական ունկնդրութեան աւարտին, զանազան լեզուներով ողջունելէ ետքը ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորները ու նախ քան իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը խոր մտահոգութիւն արտայայտեց այն լուրերուն համար` որոնք կը տարածուին այս օրերուն։

«Իրանի և Իսրայէլի մէջ իրավիճակը լրջօրէն վատթարացած է» ըսաւ Ան կոչ ուղղելով «այս նուրբ առիթի ընթացքին» դիմելու «պատասխանատուութեան եւ բանականութեան»։

«Ադոմական սպառնալիքէն զերծ աւելի անվտանգ աշխարհ մը կառուցելու յանձնառութիւնը պէտք է իրականացուի յարգալից հանդիպման և անկեղծ երկխօսութեան միջոցաւ՝ կառուցելու համար մնայուն խաղաղութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ արդարութեան, եղբայրութեան և ընդհանուր բարօրութեան վրայ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Ոչ ոք երբեք պէտք է սպառնայ ուրիշի մը գոյութեան։ Բոլոր երկիրներու պարտականութիւնն է աջակցիլ խաղաղութեան գործին՝ հրահրելով հաշտութեան ուղիներ և խթանելով լուծումներ, որ կ՛երաշխաւորեն բոլորի անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2025, 10:40