«Île-de-France»ի Քահանաներուն Յոբելեանը. Ձեր կեանքը արմատաւորեցէք ՅիսուսիՆ մէջ. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Քահանայական կեանքի նուիրուած «Presbyterorum Ordinis» Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի սահմանադրութեան վաթսուն ամեակի եւ քահանաներու Յոբելեանին առիթով` Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը առաքած է Փարիզի եկեղեցական գաւառի քահանաներուն, անոնց Նոթր Տամ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կայացած հաւաքի ու պատարագին առիթով։
Պատգամին մէջ, զոր ընթերցեց գերապայծառ Տոմինիք Պլանշէն` Քրեթէյ Թեմի եպիսկոպոսը, Սրբազան Պապը քաջալերած է քահանաները իրենց կեանքը եւ առաքելութիւնը արմատաւորելու Յիսուսին մէջ, որպէսզի կարողանան շարունակել իրենց ծառայութիւնը ի սպաս իրենց յանձնուած Աստուծոյ Ժողովուրդին։
«Ձեզ կը հրաւիրեմ ձեր կեանքն ու ծառայութիւնը արմատաւորելու Յիսուսի հանդէպ աւելի ու աւելի ուժեղ, աւելի անձնական և իսկական սիրոյ մէջ, որ ձեզ դարձուց Իրեն ընկերներ և ձեզ Իր հետ դասաւորեց յաւիտենականութեան համար, ինչպէս նաեւ ձեր համայնքներու հանդէպ առատաձեռն և անվերապահ սիրոյ մէջ, որ կը բնութագրուի մօտիկութեամբ, կարեկցանքով, նրբութեամբ, խոնարհութեամբ և պարզութեամբ, ինչպէս մեզ յաճախ յիշեցուցած է հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը» գրած է Լեւոն ԺԴ. պատգամին մէջ աւելցնելով` որ այդպիսով անոնք կը դառնան «հաւատալի, նոյնիսկ եթէ տակաւին սուրբ չեն», ու պիտի կարենան «դպչիլ հեռու ապրող մարդոց սրտին, սիրաշահիլ անոնց վստահութիւնը ու զանոնք առաջնորդել Յիսուսի հետ հանդիպումին»։
Սրբազան Պապը հուսկ յորդորեց Քահանաները «մշակելու քահանայական եղբայրութիւնը» ու իրենց եպիսկոպոսներուն հետ պահպանելու «սիրոյ սերտ կապ մը» ապա աղօթել ու անյապաղ` Եկեղեցւոյ միութեան համար։
Պատգամի աւարտին Լեւոն ԺԴ. անոնց վրայ հայցեց Սուրբ Հոգիին շնորհքները որպէսզի օգնէ զանոնք ամէն օր նորոգելու իրենց վեհանձն նուիրումը Տիրոջ, զոր անոնք խոստացած էին իրենց ձեռնադրութեան օրը, ապա բոլորին վրայ հայցեց նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանին ու Փարիզի բոլոր սուրբ քահանաներուն ու եպիսկոպոսներուն բարեխօսութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
