Որոնել

VATICAN POPE LEO

Ընտանիքներուն հետ քալել քնքշութեամբ, հասկացողութեամբ եւ ունկնդրութեամբ. Լեւոն ԺԴ.

«Աւետարանել այսօրուայ և վաղուայ ընտանիքներուն հետ։ Եկեղեցական և հովուական մարտահրաւէրներ» ուսումնաժողովին ուղղուած Լեւոն ԺԴ. ի պատգամը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2-էն 3 Յունիս 2025-ին Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան մօտ տեղի կ՛ունենայ յատուկ ուսումնաժողով, որուն կը մասնակցին խումբ մը մասնագէտներ, միասին խորհրդածելու համար «Աւետարանել այսօրուայ և վաղուայ ընտանիքներուն հետ։ Եկեղեցական և հովուական մարտահրաւէրներ» նիւթի մասին, որուն առիթով Լեւոն ԺԴ. ժողովականներուն ուղղեց պատգամ մը, որուն մէջ Ան իր ուրախութիւնը յայտնելով աւետարանող առաքելութեան ներքոյ ընտանիքներու դերին նուիրուած հաւաքին համար, ընդգծեց` թէ ինչպէս ընտանիքները «առաջին եկեղեցական բջիջն են», ուր նոր սերունդներուն կը փոխանցուի հաւատքը եւ յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսին յիշեց, որ ծնողները կանչուած են իրենց զաւակները գիտակից դարձնելու Աստուծոյ հայրութեան մասին։

Հոգևորականութեան աճող որոնումներով ժամանակ

«Մեր այս ժամանակը բնութագրուած է հոգևորականութեան աճող որոնումներով, յատկապէս երիտասարդներուն մօտ, որոնք փափաքն ունին իսկական յարաբերութիւններու և կեանքի ուսուցիչներու։  Ճիշտ այս պատճառաւ կարևոր է , որ քրիստոնէական հասարակութիւնը գիտնայ հայեացքը ուղղել աւելի անդին, դառնալով աշխարհի մարտահրաւէրներուՆ առջև իւրաքանչիւրի սրտին մէջ բնակուող հաւատքի կարօտի պահապանը» գրեց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ  յատուկէն ակնարկելով այն երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն` որոնք հեռու են եկեղեցական կեանքէն։

Քրիստոսի հետ հանդիպումը

Լեւոն ԺԴ. քննադատեց ապա հաւատքի «սեփականացումի» երեւոյթը ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերու սխալ գործածութիւնը, որոնք, նշեց Ան, «կը սատարեն Աստուծմէ հեռանալու»։ Ասոր համար Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղեց քրիստոնեայ հասարակութեան երթալու դէպի մոլորած ընտանիքները ու հանդիպելու անոնց հետ ու զանոնք առաջնորդելու Քրիստոսի հետ հանդիպումին։

Պարզ համակեցութիւն կամ քրիստոնէական Պսակ 

Ան ապա ակնարկեց բազմաթիւ այն երիտասարդներուն, որոնք այսօր կ՛ընտրեն պարզ համակեցութիւնը փոխան քրիստոնէական Պսակին, այս մէկը վերագրելով հաւատալի վկաներու պակասին` «վկաներ` որոնք անոնց ցոյց տան, հասկնալի եւ շօշափելի կերպով, ու նախ եւ առաջ կեանքի օրինակով, ի՞նչ կը նշանակէ Խորհուրդի Շնորհքը եւ ի՞նչ ուժ կը բխի անորմէ», նշեց Լեւոն ԺԴ. ,մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ընտանիքին նուիրած «Familiaris consortio» առաքելական յորդորագիրէն խօսքեր, ապա աւելցուց` որ ծնողները եւս «իրենց զաւակները հաւատքին դաստիարակելու ընթացքին կարիքը ունին հասարակութիւններու, որոնք անոնց թիկունք կանգնին, ստեղծելով պայմաններ, որպէսզի անոնք կարողանան հանդիպիլ Քրիստոսին։

Դառնալ «ընտանիքներու ձկնորսներ»

«Հաւատքը նախ եւ առաջ սիրոյ պատասխան ու հայեացք է, եւ ամենէ մեծ սխալը, որ կարող ենք գործել որպէս քրիստոնեաներ, ըստ Սուրբ Օգոստինոսին, այն է «ձևացնել, թէ Քրիստոսի շնորհքը կը կայանայ անոր օրինակի, եւ ոչ թէ անոր անձի պարգևին մէջ» (Contra Iulianum opus imperfectum, II, 146)» դիտել տուաւ Լեւոն ԺԴ. նկատել տալով նաեւ, թէ ինչպէս շատ անգամ մենք մոռցած ենք այս ճշմարտութիւնը ու քրիստոնէական կեանքը կը ներկայացնենք, որպէս պատուիրաններու ամբողջութիւն, զոր պէտք է յարգել՝ փոխարինելով` Յիսուսին հետ հանդիպման հրաշալի փորձառութիւնը, բարոյախօսական, ծանր, անհրապոյր և որոշ առումներով անհասանելի կրօնով մը», գրեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ, այս ուղղութեամբ` խրախուսելով եպիսկոպոսները, քահանաները ու աշխարհականները, դառնալու «ընտանիքներու ձկնորսներ», Աստուծոյ սիրոյն կենդանի գործիչներ, նշելով նաեւ, որ «իւրաքանչիւր մկրտուած քահանայ է, թագաւոր ու մարգարէ, Եկեղեցին կերտող տարբերութեան եւ հաղորդութեան մէջ»։

Հովուական ծառայութեան ուղիները պատշաճեցնել դիմագրաւելու համար նոր մարտահրաւէրներուն

Ան ապա հրաւէր ուղղեց միանալու Եկեղեցւոյ ջանքերուն, որոնելու համար մոլորուած ընտանիքները ապա յորդորեց չի յուսալքուիլ նոյնիսկ դժուար իրավիճակներուն դիմաց, այլ ընտանիքներուն հետ քալել քնքշութեամբ, հասկացողութեամբ եւ ունկնդրութեամբ, հովուական ծառայութեան ուղիները պատշաճեցնելով նոր սերունդներուն դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն։

Աւետարանութեան սիրտը կը մնայ միշտ Քրիստոս 

Բազմաթիւ փոփոխութիւններուն հանդերձ Յիսուս Քրիստոս կը մնայ նոյնը երէկ, այսօր եւ առ յաւէտ» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը ընդգծելով, թէ ինչպէս աւետարանութեան սիրտը կը մնայ միշտ Քրիստոս ու թէ որպէսզի բոլորս մէկը միւսին համար դառնանք հաւատքի սերմեր «հարկաւոր է նախ եւ առաջ, որ մենք մշակենք ու նորոգենք մեր հաւատացեալներու ինքնութիւնը»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ժողովականներուն իրենց յանձնառումին համար ու զանոնք Սուրբ Հոգիի հովանիին յանձնելէն ետքը անոնց տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2025, 12:03