Լեւոն ԺԴ. քահանայապետն ու Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը Լեւոն ԺԴ. քահանայապետն ու Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը  (@Vatican Media)

Նախագահ Մաթթարելլա 6 յունիսին պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Լեւոն ԺԴ.-ին

Իտալիոյ Quirinale նախագահական պալատի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ ունենալիք պաշտօնական հանդիպումի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ «Quirinale» նախագահական պալատը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ յառաջիկայային, Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Պապին եւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին միջեւ հանդիպում։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Իտալիոյ նախագահին առաջին անձնական ողջոյնը տեղի ունեցաւ անցեալ 18 մայիսին, այն օրը երբ Լեւոն ԺԴ. նախագահեց Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագին։ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը՝ որ կը գլխաւորէր Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ սուրբ պատարագի ներկայ գտնուող պատուիրակութիւնը հնարաւորութիւնը ունեցաւ մի քանի խօսքեր փոխանակել Պապին հետ։ Յառաջիկայ 6 յունիսին, նախագահ Մաթթարելլան Վատիկան կը վերադառնայ պաշտօնական այցելութեամբ», նշուած է անցեալ 31 մայիսին, Իտալիոյ նախագահական պալատի կողմէ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, թէ անցեալ 8 մայիսին, Լեւոն ԺԴ .Պապին ընտրութեան միեւնոյն օրը, Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահը «ջերմ բարեմաղթանքներ« յայտնեց, ընդգծելով խաղաղութեան արժէքը, որուն մասին Քահանայապետը խօսած էր Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն արտասանած պատգամին մէջ։

«Այս պատմական պահուն, երբ աշխարհի մեծ մասը աւերուած է անմարդկային հակամարտութիւններէն, ուր առաջին հերթին անմեղները կը տառապին նման բարբարոսական ամենածանր հետեւանքներէն, կը փափաքիմ ձեզի վստահեցնել՝ - գրած է նախագահ Մաթթարելլան իր պատգամին մէջ- Իտալիոյ հանրապետութեան յանձնառութիւնը՝ ձգտելու աւելի ամուր յարաբերութիւններ ունենալ Սուրբ Աթոռի հետ՝ շարունակելու համար խթանել աշխարհի եւ ժողովուրդներուն միջեւ համակեցութիւնը՝ հիմնուած խաղաղութեան, ողջ անձերուն անձեռնմխելի իրաւունքներու, արժանապատուութեան եւ ազատութեան ապահովութեան վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2025, 10:44