Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթթարելլայի պաշտօնական այցը Վատիկան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր` Ուրբաթ 6 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ` Սերճօ Մաթթարելլային որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը` Գերապ. Միրոզլաւ Վաչովսքին։
Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը, որ կը տեղեկացնէ նաեւ թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր զրոյցի ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւններուն համար ապա խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ միջազգային բնոյթ ունեցող հարցերու վրայ, յատուկ ուշադրութիւն սեւեռելով Ուքրանիոյ ու Միջին Արեւելքի մէջ տիրող հակամարտութիւններուն վրայ։
Զրոյցի շարունակութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ որոշ ընկերային հարցերու` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Եկեղեցւոյ Երկրի կեանքին մէջ կատարած ներդրումներու մասին։
Իտալիոյ նախագահը արդեն հակիրճ հանդիպում մը ունեցած էր Քահանայապետին հետ անցեալ 18 մայիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապին Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագէն անմիջապէս ետքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
