Որոնել

2025.06.06 Moderatori delle Associazioni di Fedeli, di Movimenti Ecclesiali e Nuove Comunità

Միութիւնն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքի երկու հիմնաքարերն են․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց հաւատացեալներու, եկեղեցական շարժումներու եւ նոր համայնքներու ընկերակցութիւններու 200էն աւելի համակարգողները․ Կը հրաւիրեմ հաւատարմօրէն եւ առատաձեռնօրէն համագործակցիլ Քահանայապետին հետ, յատկապէս միութեան եւ առաքելութեան ոլորտներէն ներս։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

6 Յունիս 2025-ին Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց հաւատացեալներու, եկեղեցական շարժումներու եւ նոր համայնքներու ընկերակցութիւններու 200էն աւելի համակարգողներուն։

Այս առիթով անոնց ուղղած պատգամին սկիզբը Պապը խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս անոնց առաջնորդութեան եւ աշխուժացնող դերի ու ծառայութեան համար՝ ընդգծելով քրիստոնէական ճամբորդութեան մէջ եղբայրներուն աջակցելու պատասխանատուութեան եւ յանձնառութեան կարեւորութիւնը:

Ընկերակցային կեանքի եւ շնորհքի պարգեւները

Քրիստոնէական կեանքը կ’ապրուի միասին, համայնքի մէջ, Քրիստոսի հետ հաղորդակցութեան մէջ, եւ կը դրսեւորուի շարժումներու, համայնքներու եւ հովիւներու համագործակցութեամբ, նշեց Նորին Սրբութիւնը, եւ մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը Յիսուսի առաջին աշակերտներու մասին, հաստատեց որ ոչ մէկ քրիստոնեայ մինակը չէ, քանի որ «մէկ մարմնի՝ Աստուծոյ տաճարի մաս կը կազմեն»։

Պապը նկատել տուաւ նաեւ, որ Վատիկանի Տիեզերական Երկրորդ ժողովը խրախուսած է աշխարհականներու ընդհանուր գործողութիւնները, քանզի այդ պարագային «շատ աւելի առատ պտուղներ կ’ակնկալուին քան եթէ առանձին աշխատէին»:

Յիշեցնելով նաեւ, որ ընկերակցային իրականութիւնները՝ նպատակներէն կախեալ, կը տարբերին մէկը միւսէն, բայց եւ այնպէս բոլորն ալ՝ հիմնարար են Եկեղեցւոյ նորոգման եւ կենսունակութեան համար, Լեւոն ԺԴ․ Պապը ընդգծեց շնորհապարգեւներու կարեւորութիւնը։

Ըստ Անոր՝ «Աստուած կը ծագեցնէ խարիզմները»՝ Սուրբ Հոգիին պարգեւները, որպէսզի այդ շնորհքը պտուղ բերէ հաւատացեալներու կեանքին մէջ՝ «կրկին արթնցնելով Քրիստոսին հանդիպելու ցանկութիւնը»:

Միութիւն եւ առաքելութիւն՝ Քահանայապետին հետ միութեան մէջ

Հետեւեցաւ Սրբազան Քահանայապետին միութեան եւ առաքելութեան յորդորը.

«Միութիւնն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքի երկու հիմնաքարերն են եւ Պետրոսեան ծառայութեան երկու առաջնահերթութիւնները: Ուստի, կը հրաւիրեմ բոլոր եկեղեցական միութիւնները եւ շարժումները հաւատարմօրէն եւ առատաձեռնօրէն համագործակցիլ Քահանայապետին հետ յատկապէս այս երկու ոլորտներէն ներս։ Առաջին հերթին «միութեան, հաղորդութեան, եղբայրութեան թթխմոր ըլլալու մէջ» (cfr Omelia, 18 maggio 2025), յարեց Սրբազան Հայրը։

Այդ միութիւնը՝ արմատաւորուած Քրիստոսով, պէտք է ապրուի եւ տարածուի բոլոր եկեղեցական ու ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ։

Մինչ՝ առաքելութիւնը, իր հերթին կը պահանջէ ոգեւորութիւն եւ պատրաստակամութիւն Աւետարանն ամենուրէք հասցնելու․ «Առաքելութիւնը նշանաւորեց իմ հովուական փորձառութիւնս եւ ձեւաւորեց իմ հոգեւոր կեանքս», ընդգծեց Լեւոն ԺԴ․՝ հաստատելով, որ Տիրոջ հետ հանդիպումէն սնուած առաքելութիւնը կը մղէ եռանդով աւետարանելու, նոյնիսկ բարդ իրականութիւններէն ներս, եւ մեր տաղանդները ծառայեցնելու Աւետարանի տարածումին՝ «ուշադիր ըլլալով այսօրեայ նոր մարտահրաւէրներով իրականութեան նկատմամբ»:

Եզրափակելով, Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց ունկնդրութեան մասնակիցներուն աշխատանքի համար՝ զանոնք վստահելով Տիրամօր պաշտպանութեան՝ ապա օրհնեց զանոնք եւ բոլոր այն իրականութիւնները, որ անոնք կը ներկայացնեն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2025, 11:33