«Պետրոսին առաքելութիւնն է կառուցել յարաբերութիւն, կամուրջներ». Լեւոն ԺԴ.ը Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի` 10 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն` Պապական նուիրակներուն, որոնք երէկ մասնակցեցան Սուրբ Աթոռի Յոբելեանին ու այս օրերուն կը մասնակցին իրենց երեքամեայ ընդհանուր հաւաքին։
Քահանայապետական ներկայացուցիչներու առաքելութիւնը անփոխարինելի է
Հանդիպումին սկիզբը Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը յանուն բոլոր ներկաներուն շնորհակալութեան ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Քահանայապետին, որուն մէջ Անոր յիշեցուց խօսք մը` զոր Ան արտասանած էր ժամանակին, որուն մէջ հաստատած էր թէ Պապական Նուիրակներուն ծառայութիւնը անփոխարինելի է։
Կարդինալ Փարոլինէն ետք խօսք առաւ Լեւոն ԼԺԴ. որ ուզեց հաստատել թէ ինք համոզուած է որ Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն առաքելութիւնը անփոխարինելի է ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած են հեռաւոր վայրերէն եւ որ «կը ներկայացնէք Եկեղեցւոյ Կաթողիկէութիւնը», ըսաւ Ան, դիտել տալով, որ «չկայ աշխարհի մէջ այլ Երկիր մը` որ ունի այսպիսի տիեզերական Դիւանագիտական Մարմին», եւ չկայ այլ Երկիր մը, «որ ունի այսպիսի միացած դիւանագիտական Մարմին մը, այնպէս ինչպէս որ էք դուք...միացած Քրիստոսի մէջ»։
Ոչ մէկ Երկիր ունի այսպիսի տիեզերական Դիւանագիտական Մարմին
«Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը իր անձնակազմով կը կազմէ տիպար մը` այն պատգամին զոր ան կ՛առաջարկէ` մարդկային եղբայրութեան և ժողովուրդներու միջև խաղաղութեան առաջարկը, անշուշտ ոչ կատարեալ, բայց շատ նշանակալից» յարեց Լեւոն ԺԴ.։
Ան ապա անդրադարձաւ Տիրոջմէ իրեն վստահուած առաքելութեան առաջին քայլերուն, որոնց առընչութեամբ երախտագիտութիւն արտայայտեց ներկաներուն, որոնք իրեն կ՛օգնեն ամէն օր կատարելու իր առաքելութիւնը, յատկապէս երբ իրենց գործունէութեամբ Քահանայապետին կը ներկայացնեն տարբեր իրավիճակներն ու հարցերը։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա անոնց նուիրուածութեան և կազմակերպուածութեան, ինչպէս նաեւ զանոնք բնութագրող հովուական ոճի եւ ոգևորող հաւատքի հոգիի մասին, որոնց շնորհիւ «ես ալ կարող եմ փորձարկել այն ինչ` որ կը գրէր Սուրբ Պօղոս Զ»., այսինքն` տարբեր Երկիրներու մէջ ապրող իր Ներկայացուցիչներու միջոցաւ, մասնակից դառնալ զաւակներու կեանքին, եւ մօտէն ճանչնալ անոնց հարցերն ու անոնց ձգտումները։
Պետրոսեան առաքելութիւնը
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Գործ Առաքելոց գիրքին մէջ պատմուած դրուագի մը` (Գործք. 3,1-10), ուր կը պատմուի հաշմանդամի մը բժշկութեան դէպքը Սուրբ Պետրոսի կողմէ եւ որ «լաւապէս կը նկարագրէ Պետրոսեան առաքելութիւնը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ներկայացնելով դրուագը։
«Հաշմանդամ անձ մը նստած էր տաճարի դռան մուտքին եւ այս մէկը կը ներկայացնէ մարդկութեան պատկերը, որ կորսնցուցած է յոյսը եւ յուսալքուած։ Այսօր եւս կը հանդիպինք մարդոց եւ կիներու, որոնք զրկուած են ուրախութենէն եւ անտեսուած են ընկերութիւնէն եւ որ կեանքը տեսակէտով մը ստիպեց անոնց մուրալու իրենց գոյութիւնը։
Պետրոս իր հայեացքը կը կեդրոնացնէ այդ մարդուն վրայ Յովհաննէսի հետ միասին ու անոր կ՛ըսէ. «Մեզի նայէ»։ Մարդը կը դառնայ, անոնց կողմը կը նայի ակնկալելով ողորմութիւն ընդունիլ։ Բայց Պետրոս անոր կ՛ըսէ. «Ոչ արծաթ ունիմ ոչ ալ ոսկի, բայց քեզի կու տամ ուրիշ բարիք մը, յանուն Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին ոտքի ել եւ քալէ»։ Եւ անոր ձեռքէն բռնելով ոտքի կը կանգնեցնէ։ Իսկոյն անոր սրունքներն ու կոճերը կը զօրացան։ Մէկ սաստումով ոտքի կ՛ելլէ եւ կը սկսի քալել ու անոնց հետ Տաճար կը մտնէ քալելով, ցատկռտելով եւ Աստուած փառաբանելով» (3,4-8)։
Աչքերուն մէջ նայիլը կը նշանակէ յարաբերութիւն կառուցել
«Պետրոսին մարդուն ուղղած խնդրանքը` «դէպի մեզի նայիր» մեզի մտածել կու տայ», ըսաւ Սրբազան Պապը, բացատրելով` որ «աչքերուն մէջ նայիլը կը նշանակէ յարաբերութիւն կառուցել»։
«Պետրոսին առաքելութիւնն է կառուցել յարաբերութիւն, կամուրջներ» շարունակեց Ան եւ հաստատեց թէ «Քահանայապետական ներկայացուցիչ մը ամենէն առաջ այս հրաւէրին ծառայութեան տակն է, աչքերուն մէջ նայելու հրաւէրին» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց միշտ ունենալու «Պետրոսին հայեացքը։ Ըլլալու մարդիկ, որոնք կարող են կառուցել յարաբերութիւններ, ուր աւելի դժուար է այս մէկը ընելը» եւ որուն համար «պէտք է ունենալ այն նոյն հեզութիւնն ու իրատեսութիւնը որ ունեցաւ Պետրոս, որ շատ լաւ գիտէր թէ ինք լուծումներ չունէր. «չունիմ ոչ արծաթ եւ ոչ ոսկի», կ՛ըսէ Ան, բայց նաեւ գիտէր թէ ինք ունի այն ինչ որ արժէքաւոր է` այսինքն Քրիստոս. «Յանուն Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի ոտքի ել եւ քալէ»։
Դուք ձեզ միշտ զգացէք կապուած, պաշտպանուած եւ առաքուած Պետրոսէն
«Քրիստոսը պարգեւել կը նշանակէ սէր պարգեւել, վկայել այն բարեսիրութիւնը որ պատրաստ է ամէն բանի» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն վստահելով Եկեղեցւոյ յանձնուած այս առաքելութիւնը։
«Միայն սէրը արժանի է հաւատքին ՝ անմեղներու, այսօր խաչուածներու ցաւին առջև, զոր շատերդ անձամբ կը ճանչնաք, քանի որ կը ծառայէք պատերազմի, բռնութեան, անարդարութեան կամ նոյնիսկ այդ կեղծ եւ խաբող ու հիասթափեցնող բարեկեցութեան զոհ դարձած ժողովուրդներուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ Ճառին աւարտին յիշեցուց` որ Պապական Նուիրակներու ու ներկայացուցիչներու ծառայութիւնը «Պետրոսի շուքին տակ է», ինչպէս փորագրուած է մատանիներուն վրայ, զոր ան նուիրեց անոնց։
«Դուք ձեզ միշտ զգացէք կապուած, պաշտպանուած եւ առաքուած Պետրոսէն... Միշտ ունեցէք օրհնող հայեացք մը....Դուք ձեզ զգացէք միսիոնարներ, առաքուած Քահանայապետէն` դառնալու համար հաղորդութեան եւ միութեան գործիքներ, ի սպաս մարդկային անհատի արժանապատուութեան, ամենուրէք խթանելով անկեղծ եւ կառուցողական յարաբերութիւններ», եղան Սրբազան Պապին եզրափակիչ յորդորները, որ ապա մաղթեց` որ «Սուրբ Դուռը որուն տակէն անցանք երէկ` մեզ ոգեշնչէ` որպէսի ըլլանք Քրիստոսին, մեր Յոյսին, քաջարի վկաները»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
