Լևոն ԺԴ. այցելեց Ռատիօ Վատիկանի Սանթա Մարիա տի Կալերիա հաղորդիչ կեդրոնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շնորհակալութիւն «հաւատարմութեամբ և շարունակականութեամբ» կատարուած աշխատանքին համար, «նոյնիսկ տօնական օրերուն» և գնահատանք այն ծառայութեան համար, որ «կը հասնի այնպիսի վայրեր, որտեղ քիչ հեռարձակողներ կարող են հասնիլ», այս եղաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Ռատիօ Վատիկանի Հաղորդիչ կեդրոնի այցելութեան ընթացքին 19 Յունիսին արտայայտած երախտագիտական խօսքերը ուղղուած այնտեղ գործող աշխատակազմին։
Արդարեւ, ինչպէս կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը, այսօր 19 Յունիսի առաւօտեան, որ ըստ լատինաց Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնն է ու Վատիկանի մէջ արձակուրդի օր, «Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այցելեց Հռոմի արուարձաններուն մէջ գտնուող Վատիկանեան «extra territoriale - արտատարածքային» համարուող Ռատիօ Վատիկանի Սանթա Մարիա տի Կալերիա հաղորդիչ կեդրոնը», ուր կը գործէ «Վատիկանի ձայնասփիւռի կառոյցը», որ այսօր մաս կը կազմէ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան:
Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի անձնակազմին հետ անոնց հետ զրուցելով ու այցելելով ճարտարապետ Փիէր Լուիճի Ներվիի նախագծած հաղորդիչ սենեակը ու կանգ առնելով կարճալիք հաղորդումներու կառավարման սենեակին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը ուզեց տեղեկանալ անթեննային, հաղորդումներու և թուային աղէտներէն վերականգնումի համակարգի գործունէութեանն մասին, և փոքրիկ հիւրասիրութեամբ մը, անձնակազմի հետ նշեց` այսօր համընկնող իր քահանայութեան 43-ամեակը։
«Այցի ընթացքին Լեւոն ԺԴ ընդգծեց թէ ինչպէս իր Լատին Ամերիկայի եւ Ափրիկէի մէջ առաքելական աշխատանքի ժամանակ, որքան թանկարժէք եղած է ռատիոյի կարճալիք հեռարձակումները ստանալու հնարաւորութիւնը, «որոնք կը հասնին այնպիսի վայրեր, որտեղ քիչ հեռարձակողներ կարող են հասնիլ» յարեց Ան և ասկէ մեկնելով վերահաստատեց հաղորդակցութեան միսիոներական արժէքը:
Վերջապէս, Ան օրհնելով բոլոր ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց հաւատարմութեամբ և շարունակականութեամբ կատարուած աշխատանքին համար, նոյնիսկ այսօրուայ՝ Քրիստոսի Մարմնի եւ Արեան տօնի նման օրուայ մը ընթացքին։
Այնուհետև Սրբազան Քահանայապետը հնարաւորութիւնն ունեցաւ ուսումնասիրելու Վատիկանի «արտատարածքային» գօտին, որուն կարգավիճակը սկիզբ առած է Իտալիայի կառավարութեան հետ 1951 թուականին ստորագրուած համաձայնագիրով, եւ որուն համար, «Fratello Sole» ինքնագիր նամակի հիման վրայ, ուսումնասիրութեան մէջ է գիւղատնտեսական ելեկտրականութեան համակարգի նախագիծ, որ պիտի ապահովէ ոչ միայն ռատիոկայանի էլեկտրաջերմային մատակարարումը, այլեւ Վատիկան քաղաք-պետութեան ամբողջական ելեկտրականութեան ապահովումը։
Ռատիոկեդրոնը բացուած է Պիոս ԺԲ. Պապի կողմէ 1957 թուականին։ Քահանայապետի մը վերջին այցը Ռատիոկեդրոն և Սանթա Մարիա տի Կալերիա տարածք եղած է 1991 թուականին, երբ այդ վայրը այցելեց Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
