2025.06.26 Partecipanti alla Giornata Internazionale per la Lotta contro la Droga

Պայքարիլ թմրանիւթերու դէմ հաւաքական կերպով․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի «Սան Տամազօ» բակին մէջ ընդունեց «Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի միջազգային օրուայ մասնակիցները․ Յոյսի Յոբելեանը՝ Շնորհքի տարի, որու ընթացքին բոլորը կ’ընդունուին եւ կը վերագտնեն արժանապատւութիւնը, որ յաճախ նսեմացած կամ մերժուած է։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

26 Յունիսին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը՝ Վատիկանի «Սան Տամազօ» անունը կրող բակին մէջ ընդունեց «Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի միջազգային օրուայ» մասնակիցները։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Պապին արտասանած ճառէն առաջ ներկայացուեցաւ թմրամիջոցներ օգտագործած անձի մը վկայութիւնը։ Հետեւեցաւ ապա Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, ուր Ան, նախ, շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումը իրականացնողներուն, ապա՝ ընդգծեց Յոյսի Յոբելեանի կարեւորութիւնը, որպէս Շնորհքի եւ մարդկային արժանապատւութեան ճանաչման տարի, որ յաճախ կը մոռացուի կամ կը մերժուի։

Յարութիւն առած Յիսուսը, ներման ու Սուրբ Հոգիին միջոցաւ խաղաղութիւն կը բերէ

Յոյս, որ ըստ Քահանայապետին, կարգախօս չէ, այլ մեծ աշխատանքի ու ներման միջոցաւ վերագտնուած լոյս, ուստի, «կը ցանկանայի, ըսաւ Ան, կրկնել այն ողջոյնը, որ սիրտը կը փոխէ» յարութիւն առած Յիսուսին ողջոյնը աշակերտներուն՝ «խաղաղութիւն ձեզի»։

Վերնատան մէջ փակուած, աշակերտները կը կարծէին, որ ընդմիշտ կորսնցուցած են իրենց Վարդապետը, կը վախնային եւ հիասթափուած էին, սակայն «Յիսուս անոնց մէջ Սուրբ Հոգիի շունչը կը ներարկէ, որ Աստուծոյ շունչն է մեր մէջ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով, որ Յարութիւն առած Յիսուսը, ներում ու Սուրբ Հոգիին միջոցաւ խաղաղութիւն կը բերէ ու կը հրաւիրէ մեզ վերագտնելու արժանապատուութիւնը, յաղթահարելու սրտի փակ դռները եւ տառապանքի իրավիճակները:

Հաւաքական պայքար՝ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան եւ խոշոր յանցաւոր կազմակերպութիւններու դէմ

Մասնակիցներու ներկայութիւնը նկատելով որպէս «ազատութեան վկայութիւն» եւ յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին կալանավայրեր այցելութիւնները, Լեւոն ԺԴ․ շեշտեց, որ «թմրանիւթերն ու կախուածութիւնները անտեսանելի բանտեր են։ Ասկէ մեկնելով Ան նշեց, որ ազատութեան հիմնարար արժէքը նուաճելու համար պայքարը պէտք է ըլլայ հաւաքական՝ միաւորելով բոլոր ուժերը թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան, կախուածութիւններու եւ անարդարութիւններու, խոշոր յանցաւոր կազմակերպութիւններու եւ մեկուսացման մշակոյթի դէմ։

Ընդելուզման եւ զօրակցութեան վրայ հիմնուած քաղաքի եւ հասարակութեան ձեւաչափ

«Շատ յաճախ, անվտանգութեան անուան տակ, պատերազմ մղուած է եւ կը մղուի աղքատներուն դէմ՝ բանտերը լեցնելով մարդկոցմով, որոնք մահուան շղթայի վերջին օղակն են միայն։ Սակայն, անոնք, որոնք շղթան իրենց ձեռքերուն մէջ կը պահեն, կը յաջողին ազդեցութիւն եւ անպատժելիութիւն ունենալ», յարեց Սրբազան Հայրը եւ մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապի «Evangelii gaudium» Առաքելական յորդորէն քաղուած (210) խօսքերը, ուր Ան կը խրախուսէ ընդելուզման եւ զօրակցութեան վրայ հիմնուած քաղաքի եւ հասարակութեան ձեւաչափ, որմէ ներս կը յաղթահարուի անառողջ անվստահութիւնը եւ կը խթանուի ուրիշներու ճանաչումը:

Եկեղեցին ձեր կարիքը ունի

«Յոբելեանը հանդիպման մշակոյթը կը դիտէ որպէս անվտանգութեան ուղի, մեզմէ կը խնդրէ վերականգնել եւ վերաբաշխել անարդարացիօրէն կուտակուած հարստութիւնը՝ որպէս անձնական եւ քաղաքացիական հաշտեցման ուղի», եղաւ Նորին Սրբութեան շեշտադրումը որ ապա այդ նոր աշխարհի կառուցման գործին մէջ գլխաւոր հերոսներ համարեց երիտասարդները, որոնց կարիքը ունին Եկեղեցին, մարդկութիւնը, կրթութիւնը եւ քաղաքականութիւնը, որպէսզի մարդկային արժանապատուութիւնը վերագտնուի եւ պաշտպանուի:

Միասին կը յաղթահարենք թմրանիւթերը

«Միասին գերակշռել պիտի տանք մեզմէ իւրաքանչիւրի մէջ դրոշմուած անսահման արժանապատուութիւնը՝ ցանկացած նուաստացուցիչ կախուածութեան նկատմամբ», յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ․ Պապը եւ յորդորեց շարունակել ստեղծել տարածքներ` բուժման, հանդիպման եւ կրթութեան համար, խթանել խաղաղութիւնն ու ազատութիւնը եւ աղօթել, որպէսզի «իմ ծառայութիւնս ըլլայ ի սպաս անհատներու եւ ժողովուրդներու յոյսի, ի սպաս բոլորի» ըսաւ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2025, 11:50