Որոնել

Լեւոն ԺԴ. այցելեց Ակոսթինեաններու վանքը ընդհանուր մեծաւորին տարեդարձը նշելու համար

Ընտանիքներու, տարեցներու, Պապի մամիկներու եւ տարեցներու նուիրուած յոբելինական տարուայ Սուրբ Պատարագի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելեց Սանթա Մոնիքա միջազգային վարժարանը ու հոն կէսօրուան ճաշը կատարեց նշելու համար իր վաղեմի բարեկամ, Հայր Ալէխնատրօ Մորալի ծննդեան 70 ամեակը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 1 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը կէսօրուան ճաշը կատարեց Ակոսթինեաններու իր եղբայրակիցներու հետ, Վատիկանի մօտակայքը գտնուող Սանթա Մոնիքա միջազգային վարժարանէն ներս։

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ընտանիքներուն, տարեցներուն, Պապի մամիկներուն եւ տարեցներուն նուիրուած յոբելինական տարուայ Սուրբ Պատարագի աւարտին Քահանայապետը մեկնեցաւ Պօղօս Զ անուան պողոտայի վրայ գտնուող Ակթոսիթիաններուն մայրավանքը՝ ուր կը բնակին աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած աշակերտներ ու Ակոսթինեաններուն համալսարանէն ուսուցիչներ, մասնակցելու համար միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Ալէխանտրօ Մորալի ծննդեան 70 ամեակի կազմակերպուած ընտանեկան հաւաքին։

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ   (©Osafund - Fondazione Agostiniani nel Mondo)

Պապին եւ Հայր Ալէխանտրոյի միջեւ խոր բարեկամութիւնը ծնած է Սպանիոյ մէջ՝ 1 յունիս 1955ին։ Երկուքը իրար զիրար ճանչցած են 1980 թուականին, Սանթա Մոնիքա վարժարանին մէջ այն ժամանակ երբ Հայր Փրէվոսթ եկեղեցական իրաւագիտութիւն կ՝ուսանէր՝ Սուրբ Թովմաս Աքինուացի քահանայապետական համասրարանին մէջ եւ հայր Մորալ Սուրբ Գրային գիտութիւն կ՝ուսանէր, Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին մէջ։

Երկու կրօնաւորներուն միջեւ ուղիները կը բաժնուին այն ժամանակ երբ 1985ին, երիտասարդ հայր Ռոպէրթ՝ 1982ին քահանայ ձեռնադրուելէ ետք առաքելութեամբ կ՝ուղղուի Փերույի Փիուրա քաղաքին Chulucanas Ակոսթինեան հասարակութեան մօտ, մինչ Հայր Ալէխանտրօ աւարտելով իր ուսումները կը վերադառնայ Սպանիա։ Երկու կրօնաւորները իրարու դարձեալ կը հանդիպին 2001ին, Հռոմի մէջ Ակթոսթինաներուն ընդհանուր ժողովին համար։

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ   (©Osafund - Fondazione Agostiniani nel Mondo)

Հայր Փրէվոսթ Ակոսթինեաններուն միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր ընտրուելով, որպէս իրեն փոխանորդ կ՝ընտրէ Հայր Մորալը ու զինք կը վերահաստատէ ՝ իր մեծաւորութեան երկրորդ շրջանին։ Երկու կրօնաւորներուն միջեւ բարեկամութիւնը կ՝աճի ու կը խորանայ՝ 12 տարի շարունակը կողք կողքի աշխատելով, եղբայրական կապ մը որ կը շարունակուի նոյնիսկ այն ժամանակ երբ իրենց ճանապարհները դարձեալ կը բաժնուին։

2013 թուականին, Ակոսթինեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորութեան իր երկրորդ վեցամեայ ժամկէտը աւարտելով, հայր Փրէվոսթ կը վերադառնայ Չիկայոյի մէջ Ակոսթիաններուն հասարակութեան մօտ, մինչ Հայր Մորալ կ՝ընտրուի Ակոսթինաներուն 97-րդ ընդհանուր մեծաւոր։

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ   (©Osafund - Fondazione Agostiniani nel Mondo)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2025, 11:54