Նորընծաներուն, Քահանաներուն եւ Եպիսկոպոսներուն Յոբելեանը 23էն 27 Յունիս
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սկսեալ Երկուշաբթի` 23 Յունիսէն մինչեւ ուրբաթ` 27 Յունիս, Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուան շրջագիծէն ներս- տեղի կ՛ունենայ նորընծաներուն, քահանաներուն եւ եպիսկոպոսներուն Յոբելեանը, որուն աշխարհի տարբեր վայրերէն պիտի մասնակցին վեց հազար անձինք եւ որուն ընթացքին նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ ու արարողութիւններ, ներառեալ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ հանդիպումներ։
Նորընծաներուն վերապահուած յոբելենական ձեռնարկները սկիզբ կ՛առնեն Երկուշաբթի` 23 Յունիսին կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան Քահանայապետական պազիլիքային մէջ, ուր նախատեսուած է աղօթքի պահ մը Սուրբ Վարդարանի աղօթքով ու համերգ մը` զոր պիտի ներկայացնէ Հռոմի Թեմին երգչախումբը։
Երեքշաբթի 24 Յունիսի առաւօտեան ժամը ութին նորընծաները իրենց ուխտագնացութիւնը պիտի կատարեն դէպի Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի Սուրբ Դուռը, ապա ժամը 11-ին տաճարին մէջ պիտի մասնակցին Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորած մտածականին, որ` որպէս Պապ, առաջին անգամն ըլլալով պաշտօնապէս կը հանդիպի աշխարհի նորընծաներուն հետ։ Երեկոյեան ժամը վեցին Յոբելենական ուխտագնացութիւնը վերջ կը գտնէ Սուրբ պատարագի արարողութեամբ։
Չորեքշաբթի` 25 Յունիսին կարգն է Եպիսկոպոսներուն` որոնք ժամանած են յիսունէ աւելի երկիրներէն եւ որ առաւօտեան պիտի կատարեն իրենց ուխտագնացութիւնը դէպի Սուրբ Դուռ, ուր ապա պիտի համապատարագեն Կարդինալ Ուելլէյի գլխաւորած պատարագին, հուսկ ժամը 12,30-ին միշտ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ հանդիպում պիտի ունենան եւ ունկնդրեն Լեւոն ԺԴ. Պապին խորհրդածութիւնը, որ ապա անոնց հետ միասին Սուրբ Պետրոսի դամբանին մօտ պիտի կատարէ հաւատքի դաւանանքը։
Եպիսկոպոսները իրենց յոբելենական ուխտագնացութիւնը պիտի աւարտեն միասնական ճաշով մը` որ նախատեսուած է Հռոմի Քահանայապետական Աւագ Նորընծայարանի գաւիթին ներքոյ։
Նոյն օրը` այսինքն 25 Յունիսին, կը սկսի նաեւ Քահանաներուն Յոբելեանը, որոնք լեզուական խումբերու բաժնուելով պիտի մասնակցին տարբեր վայրերու մէջ նախատեսուած 12 խորհրդածական նիստերուն։
Յաջորդ օրը` 26 Յունիսին, անոնք Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ պիտի մասնակցին սուրբ պատարագին ապա իրենց ուխտագնացութիւնը պիտի կատարեն Քահանայապետական պազիլիքաներու Սուրբ Դուռերուն, հուսկ երեկոյեան Սուրբ Պետրոս պազլիքային մէջ պիտի մասնակցին աղօթքի հսկումին, որուն ընթացքին նորընծայ մը, եպիսկոպոս մը եւ քահանայ մը պիտի ներկայացնեն իրենց վկայութիւնը։
Յոբելենական յայտագիրը վերջ պիտի կը գտնէ Ուրբաթ օր` 27 Յունիսին, Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին օրը։ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ կը մատուցէ բոլորի մասնակցութեամբ պատարագը, որուն ընթացքին նախատեսուած է նաեւ աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած 31 նոր քահանաներու ձեռնադրութեան արարողութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
