Լեւոն ԺԴ. Պապը նախագահեց Սուրբ Հաղորդութեան տօնի պատարագն ու թափօրը

Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առիթով Կիրակի` 22 Յունիսին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր հաւատացեալներ եւ որուն հետեւեցաւ տօնին նուիրուած աւանդական թափօրը, որ սկիզբ առաւ Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքային եւ ուղղուեցաւ դէպի Սրբուհի Մարիա Մաճճորէ տաճար, անցնելով «Մերուլանա» անուամբ պողոտայէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 22 Յունիս 2025-ի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը  Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Յիսուսի Մամրնոյ եւ Արեան տօնին նուիրուած   Սուրբ Պատարագը, որուն հետեւեցաւ տօնին նուիրուած աւանդական թափօրը, որ սկիզբ առաւ Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքային եւ ուղղուեցաւ դէպի Սրբուհի Մարիա Մաճճորէ տաճար, անցնելով «Մերուլանա» անուամբ պողոտայէն։

Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան խորհուրդին վրայ մեկնաբարով Ղուկասի Աւետարանէն քաղուած օրուան հատուածը (Ղուկ. 9,11), որ կը խօսի այն մեծ բազմութեան մասին որ ժամերով կը մնար Յիսուսին հետ ունկնդրելու համար անոր խօսքերը Աստուծոյ Արքայութեան մասին։

«Յիսուսին կարեկցութիւնը ի սպաս տառապողին կը բացայայտէ Աստուծոյ սիրալիր մօտիկութիւնը, որ աշխարհ կու գայ մեզ փրկելու համար», ըսաւ Սրբազան Պապը բացատրելով, թէ ինչպէս այդ անապատին մէջ, երբ գիշերը կը հասնի աշակերտները կ՛ուզէին արձակել քաղցած ամբոխը, բայց Յիսուս կը հրաւիրէ զանոնք կիսել հինգ հացը և երկու ձուկը, կատարելով բազմապատկումի հրաշքը: Այս արարքը ցոյց կու տայ` որ Յիսուսի հետ նոյնիսկ քիչը կը դառնայ առատութիւն: Անիկայ նշան է Աստուծոյ արքայութեան, որ կ՛արձագանքէ ոչ միայն մարմնի, այլեւ հոգիի քաղցին:

«Անօթութեան կոչին Ան կ՛ արձագանքէ բաժանման նշանով. Ան աչքերը կը բարձրացնէ, կ՛օրհնէ, կը բեկանէ հացը և սնունդ կու տայ բոլոր ներկաներուն (տե՛ս համար 16)» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ Յիսուս կը գործէ Աստուծոյ ոճին համաձայն սորվեցնելով որ նոյնը ընենք»։

Քարոզին մէջ Քահանայապետը ապա դատապարտեց աշխարհի մէջ տարածուած անարդարութիւնները. «Այսօր, Աւետարանին մէջ յիշատակուած ամբոխի փոխարէն, կան ամբողջ ազգեր, որոնք նուաստացած են ուրիշներու ագահութեան պատճառաւ.... Բաժնելու փոխարէն՝ հարստութիւնը կը վատնէ երկրի և մարդու աշխատանքի պտուղները։ Յատկապէս այս Յոբելենական տարուան մէջ Տիրոջ օրինակը մեզի համար կը մնայ գործողութեան և ծառայութեան անհրաժեշտ չափանիշ. հացը բաժնելը, յոյսը բազմապատկելու համար, կը հռչակէ Աստուծոյ արքայութեան գալուստը» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

«Սիրելիներ, Քրիստոսը Աստուծոյ պատասխանն է մարդու քաղցին, քանի որ անոր մարմինը յաւիտենական կեանքի հացն է... Յիսուսի հրաւէրը կը ներառէ մեր ամենօրեայ փորձառութիւնը. ապրելու համար մենք պէտք է սնուինք կեանքով» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով որ «Սուրբ Հաղորդութիւնը Յիսուսի իսկական ներկայութիւնն է որ մեզ կը կերպարանափոխէ իր Մարմնին մէջ որ է Եկեղեցին»

Քարոզի աւարտին Սրբազան Պապը ակնարկեց Սուրբ Հաղորդութեան թափօրին որ «մեր Քրիստոսի հետ ուղեւորութեան նշանն է», զայն կը պաշտենք ու կը տանինք ճամբաներու վրայ եւ այսպէս ընելով զայն կը նուիրենք բոլորի սրտին ու հայեացքին, ըլլայ հաւատացեալ ըլլայ ոչ հաւատացեալի, ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազանն Քահանայապետը։

Աստուծոյ տուած կերակուրով յագեցած՝ Յիսուսը տանինք բոլորի սրտին, քանի որ Յիսուս բոլորը կը ներգրաւէ փրկութեան գործում՝ հրաւիրելով իւրաքանչիւրս մասնակցելու իր սեղանին։ Երանի անոնք որ հրաւիրուած են, որոնք կը դառնան անոր սիրոյն վկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2025, 19:00