Կարդինալական Ժողով մը պիտի յայտարարէ Մարտիրոս Երանելի Մալոյանի եւ այլ երանելիներու սրբադասման արարողութեան թուականները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը չորեքշաբթի` 4 Յուլիս 2025-ին հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը` հայող Ուրբաթ 13 Յունիսին նախատեսուած Կարդինալական սովորական Ժողովին, որուն ընթացքին անոնք իրենց քուէն պիտի տան մի քանի Երանելիներու սրբադասման դատերուն։
«Ուրբաթ` 13 Յունիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Առաքելական Պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պիտի նախագահէ Երրորդ Ժամու ժամասացութիւնը ու մի քանի Երանելիներու սրբադասման դատերու քուէարկութեան Կարդինալական սովորական Ժողովը» կը կարդանք վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա նշուած են այդ Երանելիներուն անունները, որոնցմէ առաջինն է` Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս` Մարտիրոս Երանելի Իգնատիոս Շուքրալլահ Մալոյանը։
Ապա Երանելի Փիթըր Թօ Ռոդը, աշխարհական կրօնուսոյց ու մարտիրոս, Վինչենցա Մարիա Փոլոնի, Վերոնայի Ողորմութեան Քոյրերու հաստատութեան հիմնդարուհին, Մարիա Տէ Մոնթէ Քարմելօ Ռենտիլէս Մարթինէսը` Յիսուսի Աղախիններու Միաբանութեան հիմնադրուհին, Մարիա Թրոնքաննի, Օգնական Մարիամի դուստրեր Միաբանութեան կրօնաւորուհի, Խօսէ Կրեկորիօ Հերնանտէս Չիզներոս` աշխարհական հաւատացեալ, Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթի` Տոմինիքեան միաբանութեան երրորդ կարգի աշխարհական հաւատացեալ եւ Պարթոլօ Լոնկոն` հաւատացեալ, որ հիմնադիրը եղած է Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր սրբավայրին։
Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօնը կը նշուի յառաջիկայ շաբաթ օրը, 7 Յունիսին։ Ան եղած է իրեն յանձնուած հօտին` Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քաջ արքեպիսկոպոս հովիւը, ու նահատակուած է 1915-ի հայոց եղեռնի ժամանակ, այլ մէկ ու կէս միլիոն հայերու հետ միասին, որոնք իրենց արիւնը թափեցին ի սէր Քրիստոսի:
Իգնատիոս Մալոյեանի երանցման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր 7 հոկտեմբեր 2001-ին, հայասէր Քահանայապետ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի օրով, որ զինք դասած երանելիներու շարքին «հայ ժողովուրդի Քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով», իսկ անոր սրբադասման դատը վաւերացուած էր արդեն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ` անցեալ 28 Մարտին եւ ահա յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք կարդինալական ժողովը պիտի յայտարարէ անոր սրբադասման արարողութեան թուականը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
