Il Papa in Piazza San Pietro per l'udienza generale

Մերձաւոր Արևելքի քրիստոնեաներուն կ՛ըսեմ. «Ես մօտ եմ ձեզի։ Ամբողջ Եկեղեցին մօտ է ձեզի». Լեւոն ԺԴ.

Թող դարմանուին վերջին մի քանի օրերու արիւնալի գործողութիւններու պատճառած վէրքերը, մերժենք ամբարտաւանութեան և վրէժխնդրութեան ամէն տեսակ տրամաբանութիւն և վճռականօրէն ընտրենք երկխօսութեան, դիւանագիտութեան և խաղաղութեան ուղին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 25 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք այնտեղ համախմբուած տարբեր երկիրներէ ժամանած ուխտաւորները նախ քան իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքը Նորին Սրբութիւնը սրտաշարժ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ Միջին Արեւելքին եւ այնտեղ ապրող քրիստոնեաներուն, որուն մէջ ըսաւ.

«Անցեալ Կիրակի Դամասկոսի Սուրբ Եղիա եկեղեցիի յոյն ուղղափառ համայնքի դէմ իրականացաւ նողկալի ահաբեկչական յարձակում։ Մենք զոհերը կը վստահինք Աստուծոյ ողորմածութեան և մեր աղօթքները կը բարձրացնենք վիրաւորներու և անոնց ընտանիքներուն համար։

Մերձաւոր Արևելքի քրիստոնեաներուն կ՛ըսեմ. «Ես մօտ եմ ձեզի։ Ամբողջ Եկեղեցին մօտ է ձեզի»։

Այս ողբերգական իրադարձութիւնը կը յիշեցնէ այն խոր դիւրաբեկութիւնը, որ տակաւին կը բնորոշէ Սուրիան՝ տարիներ տևած հակամարտութիւնէ և անկայունութիւններէ յետոյ։ Հետևաբար, կարևոր է, որ միջազգային հասարակութիւնը իր հայեացքը չշեղէ այս երկրէն, այլ շարունակէ աջակցիլ անոր՝ զօրակցութեան արարքներու միջոցաւ և խաղաղութեան ու հաշտեցման նկատմամբ նորոգուած յանձնառութեամբ»։

«Կը շարունակեմ ուշադրութեամբ եւ յոյսով հետեւի Իրանի, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ իրավիճակի զարգացումներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը յիշելով Եսայի Մարգարէին խօսքերը. «Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չբարձրացնէ, և անոնք այլևս պատերազմի արուեստը պիտի չսորվին» հրաւիրելով «ունկնդրել այս ձայնը։ Թ«ող ունկնդրուի այս ձայնը, որ կու գայ Բարձրեալէն. Թող դարմանուին վերջին մի քանի օրերու արիւնալի գործողութիւններու պատճառած վէրքերը, մերժենք ամբարտաւանութեան և վրէժխնդրութեան ամէն տեսակ տրամաբանութիւն և վճռականօրէն ընտրենք երկխօսութեան, դիւանագիտութեան և խաղաղութեան ուղին» հաստատեց Լեւոն ԺԴ.։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հուսկ իտալացի ուխտաւորները ապա յատուկէն մտաբերեց երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները ըսելով.

«Մուտք գործեցինք ամարային եղանակ, որ շատերուն համար հանգստեան եւ արձակուրդի ժամանակ է։ Ձեզի սիրելի երիտասարդներ այս մէկը ըլլայ ընկերային եւ կրօնական փորձառութիւններու օգտակար հնարաւորութիւն, ձեզի համար, սիրելի՛ նորապսակներ, ըլլայ ժամանակ ամրապնդելու ձեր միութիւնը և խորացնելու ձեր առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ և հասարակութեան մէջ: Ձեզի սիրելի՛ հիւանդներ, կը մաղթեմ այս ամարային ամիսներուն ձեզի չպակսի սիրելիներու մօտիկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2025, 10:40