Կոչեր եւ ողջոյններ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
4 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ներկայացնելէ ետքը օրուան խորհրդածութիւնը տարբեր լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց` ս. Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող 35 հազարէ աւելի իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։
Ունկնդրութեան աւարտին Ան յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն նշելով` որ «Պենտեկոստէի մօտալուտ տօնի պատրաստութեան մթնոլորտին մէջ կը խրախուսեմ ձեզ ըլլալու միշտ հլու Սուրբ Հոգիի ներգործութեան, Անորմէ հայցելով լոյս եւ զօրութիւն»։
Ան ապա տարբեր լեզուներով արտասանած ողջոյններուն մէջ խրախուսեց հաւատացեալները քաջութեամբ հետեւելու Տիրոջ պատասխանելով Անոր կանչին ու վերահաստատեց` թէ «նոյնիսկ կեանքի ամենախաւար պահերուն, Աստուած միշտ կու գայ մեզի հանդիպելու յոյսով եւ սիրով»։
Ֆրանսացի ուխտաւորներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Քահանայապետը դիտել տուաւ, որ «մեր աշխարհը կը դժուարանայ արժէք մը տալու մարդկային կեանքին, նաեւ այդ կեանքի վերջին ժամին. Թող` որ Տիրոջ Հոգին լուսաւորէ մեր միտքերը, որպէսզի գիտնանք պաշտպանել իւրաքանչիւր մարդ անհատի ներքին արժանապատուութիւնը» ըսաւ Ան մինչ Փորթուկալական լեզուի հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս խրախուսեց երիտասարդները «վախ չունենալու աշխատելու Տիրոջ այգիին մէջ»։
«Մի յետաձգէք հանդիպումը Անոր հետ` որ միակն է, որ կարող է իմաստ մը տալ ձեր կեանքին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
