Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը 

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին մահուան տարելիցը

Անոր կարճատեւ Քահանայապետութիւնը յատկանշուեցաւ յատկապէս Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի գումարումով որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 11 հոկտեմբեր 1962-ին որուն առթիւ Ռոնքալլի Քահանայապետը համայն Եկեղեցւոյ առաջարկեց ընթանալ ողորմութեան ու աշխարհի հետ երկխօսութեան ճանապարհին վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

3 յունիս 1963-ին, իր մահկանացուն կը կնքէր՝ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը։

Աւազանի անունով Անճելօ Ճուզեփփէ Ռոնքալլի՝ ապագայի Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը ծնած էր 25 Նոյեմբեր 1881-ին Իտալիոյ Պէրկամօ քաղաքի` Սոթթօ Իլ Մոնթէ գիւղաքաղաքին մէջ։ 28 Հոկտեմբեր 1958 ին ընտրուած է Տիեզերական Եկեղեցւոյ 261 –րդ Քահանայապետ` յաջորդելով Պիոս ԺԲ քահանայապետին։

Անոր կարճատեւ Քահանայապետութիւնը յատկանշուեցաւ յատկապէս Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի գումարումով, որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 11 հոկտեմբեր 1962-ին որուն առթիւ Ռոնքալլի Քահանայապետը համայն Եկեղեցւոյ առաջարկեց ընթանալ ողորմութեան ու աշխարհի հետ երկխօսութեան ճանապարհին վրայ։

Եկեղեցւոյ ամբողջ կեանքը թարմացնելու եւ աշխարհի հետ քայլ պահելու նոր հեռանկարով, Յովհաննէս ԻԳ Պապը հրաւիրեց երկխօսութիւն կատարել աշխարհին հետ, քան թէ դատապարտել զայն, այն գիտակցութեամբ, որ եկեղեցական առաքելութիւնը ուղղուած է աշխարհի համայն մարդոց:

Այս տիեզերական բացուածքի տեսլականով, Պապը ոչ մէկ քրիստոնեայ դաւանանք բացառեց՝ մասնակցելու Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին։

Ան եղաւ նաեւ «խաղաղութեան» ամենամեծ պաշտպանը ու Անոր միջամտութեան կը պարտինք 1962-ին՝ Քուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութեան կասեցումը։

Քահանայապետ ընտրուելէ առաջին օրէն իսկ՝ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը որդեգրեց գործելակերպ մը, որուն մէջ կ՝արտացոլար իր մարդկային անձնաւորութիւնն ու քահանայական հասունութիւնը՝ շնորհիւ իր ունեցած կեանքի հարուստ փորձառութիւններուն:

Պապը ոչ միայն վերահաստատեց Հռոմի քուրիայի ժողովներուն սովորական գործունէութիւնները, այլ մտահոգուեցաւ անոնց շնորհել հովուական ծառայութեան դրոշմ, իբր Հռոմի Թեմի Եպիսկոպոս:

Յովհաննէս ԻԳ Սրբազան Քահանայապետը, իբր Հռոմի թեմի հովուապետ, բազմապատկեց հաւատացեալներուն հետ կապերը՝ այցելելով ժողովրդապետութիւնները, հիւանդանոցներն ու բանտերը:

Անճելօ Ռոնքալլի եղած է համբերատար` ընդունակ յաղթահարելու կեանքի բոլոր զրկանքներն ու փորձութիւնները:

Վարդապետ մըն էր` ազատ իր ասպարէզին յաւակնութիւններէ եւ ընդունակ սիրալիր համագործակցութեան: Իբրեւ Եպիսկոպոս եւ հետագային` իբրեւ Քահանայապետ, չափազանց կարեւորութիւն տուած է վարդապետներու մտային ու հոգեւոր կազմաւորումին, ինչպէս նաեւ աշխարհականներու կազմաւորումին` մղելով զանոնք պատասխանատու առաքելութեան մը:

Ռոնքալլիին համար հաւատալ կը նշանակէր վստահութեամբ յանձնուիլ Աստուծոյ սիրոյն, մշակել սիրալիր բարեկամական յարաբերութիւն Յիսուսի հետ` կատարեալ հնազանդութեամբ եւ խաղաղութեամբ առաջնորդուելով Սուրբ Հոգիէն:

Իր յայտնի օրագրութեան մէջ Յովհաննէս ԻԳ կը գրէ. «Պէտք եմ որդեգրել սուրբերու առաքինութիւններու էութիւնը, ոչ թէ պատահարները…Աստուած կ՛ուզէ որ հետեւելով սուրբերու օրինակին իւրացնենք առաքինութիւններու կենդանարար հիւթը` յարմարցնելով զայն մեր ընդունակութիւններուն եւ հանգամանքներուն: Գիտնալ մեր մէջէն ոչնչացնել ամէն ինչ որ աշխարհի առջեւ փառք կը համարուի եւ միշտ կուրծքի տակ կենդանի պահել Աստուծոյ հանդէպ մաքուր սիրոյ կրակը»:

Յովհաննէս ԻԳ. առաջին Քահանայապետը եղաւ ` որ 1958-ի Դեկտեմբեր 25-ին այցելեց «Bambino Gesù - Մանուկ Յիսուս» մանկական հիւանդանոցը եւ առաջինը` որ հանդիպում ունենցաւ «Regina Coeli – Երկինքի Թագուհի» անուամբ բանտի բանտարկեալներուն հետ:

Առաջին անգամ ըլլալով ան փոխեց նաեւ կարդինալներու թիւը սահմանափակող օրէնքը` անոնց թիւը հասցնելով մինչեւ 75-ի, ապա 90-ի:

Ան եղաւ նաեւ առաջին Քահանայապետը, որ ունկնդրութիւն շնորհեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդի մը, ապա առաջինը որ կարդինալներու դասին մէջ ներառեց Ափրիկեցի, Ճափոնցի եւ Փիլիպինցի կարդինալներ:

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Յովհաննէս ԻԳ.ը Սուրբ Յովհաննէս Խաչեանի պատուոյն, Վատիկանի Պազիլիքային մէջ նախագահեց բիւզանդ-սլաւ ծէսով Քահանայապետական Պատարագ:

Ան է` որ հաստատեց «Հրեշտակ Տեառն» Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի` Առաքելական յարկաբաժնի պատուհանէն արտասանելու աւանդութիւնը:

Մինչեւ այսօր, միակ Քահանայապետն է, որ պարգեւատրուած է Ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ մարդասիրութեան խաղաղութեան Պալծան մրցանակով:

Առաջինն է` որ պատասխանեց Քրեմլինէն եկած հեռագիրի մը:

Ան եղաւ նաեւ այն Քահանայապետը որ ջնջեց կարդինալներուն` նորընտիր Քահանայապետին հողաթափը համբուրելու սովորութիւնը:

Ջնջեց նաեւ Վատիկանի պարտէզին մէջ Քահանայապետին պտտած ատեն` հաւատացեալներու մուտքը Սուրբ Պետրոսի գմբեթ արգիլելու հրամանը:

Ան եղաւ «ժողովրդային Քահանայապետ» Եկեղեցին մօտեցնելով հաւատացեալներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2025, 12:16