Լեւոն ԺԴ Պապը ժամանակաւոր կերպով իրենց պաշտօնի վրայ հաստատեց Հռոմի Քուրիայի պատասխանատուները
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը կամք արտայայտեց` որ Հռոմի Քուրիայի հաստատութիւններու անդամներն ու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ քարտուղարները ու Վատիկան Քաղաքի Պետութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովի նախագահը, ժամանակաւոր կերպով շարունակեն իրենց պաշտօնները մինչև իրենց լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտը»։
Լուրը կը հաղորդուի Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր կը նշուի` որ «Քահանայապետը կը փափաքի, որոշակի ժամանակ յատկացնել խորհրդածութեան, աղօթքի և երկխօսութեան՝ նախքան որևէ վերջնական առաջադրում կամ հաստատում»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
