Որոնել

Լեւոն ԺԴ. եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճա Մելոնի Լեւոն ԺԴ. եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճա Մելոնի  (@Vatican Media)

Ուքրանիա. Մելոնին շնորհակալութիւն յայտնեց Պապին՝ խաղաղութեան բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար

Իտալիոյ խորհրդարանի «Քիճի» անուամբ պալատը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին եւ Իտալիոյ վարչապետ, Ճորճա Մելոնիի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի մասին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ խորհրդարանի «Քիճի» անուամբ Պալատը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին եւ Իտալիոյ վարչապետ, Ճորճա Մելոնիի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի մասին։ Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Պապին՝ Սուրբ Աթոռի կողմէ խաղաղութեան նկատմամբ ցուցաբերած յանձնառումին համար ու նաեւ Վատիկանի մէջ Ուքրանիոյ համար բանակցութիւնները հիւրընկալելու պատրաստակամութեան համար։ 

Հաղորդագրութեան մէջ «Քիճի» պալատը գնահատանք յայտնեց, երեքշաբթի, 20 մայիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճ Մելոնիի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի արդիւնքին համար։  Զրոյց - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ - որ «կը յաջորդէ Մելոնիին՝ երէկ (առջի օր) Նախագահ Թրամփի եւ Եւրոպային այլ Ղեկավարներու հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին, որուն ընթացքին Իտալիոյ Վարչապետէն խնդրուած է ստուգել Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը՝ հիւրընկալելու բանակցութիւնները»։

Ամէն ջանք խաղաղութիւն տարածելու համար

Քահանայապետը, անցեալ 14 մայիսին, Արեւելեան եկեղեցիներուն շնորհած յոբելենական ունկնդրութեան ընթացին,  արտայայտած է կամքը «ամէն ջանք» գործադրելու, որպէսզի «այս խաղաղութիւնը տարածուի», յայտնելով Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը ըլլալու վայր մը` «թշնամիները իրարու հետ հանդիպելու եւ իրարու աչքերուն մէջ նայելու» որպէսզի «ժողովուրդներուն վերադարձուի յոյսը եւ անոնց արժանավայել արժանապատուութիւնը, խաղաղութեան արժանապատուութիւնը։ Ժողովուրդները խաղաղութիւն կ՝ուզեն եւ ես ձեռքս սիրտիս, ժողովուրդներուն պատասխանատուներուն կ՝ըսեմ. Իրարու հանդիպինք, երկխօսութիւն կատարենք եւ բանակցինք» ըսած էր Լեւոն ԺԴ.ը։ 

Վատիկանը՝ յարմար վայր

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, մի քանի օր առաջ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով յստակացուց Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութեան շօշափելի իմաստը՝ այսինքն Վատիկանը առաջարկելը՝ «երկու կողմերու միջեւ ուղիղ հանդիպումի համար»,՝  որպէսի կարելի ըլլայ հասնիլ «ուղիղ բանակցութիւններու, առ նուազն իրար հետ խօսելու...» քիչ թէ շատ խօսելու», ըսած էր Ան վերահաստատելով, քանիցս կրկնուած,  Սուրբ Աթոռին պատրաստակամութիւնը Վատիկանի օգտագործելու որպէս հանդիպման վայր։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2025, 11:59