Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը 

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ափրիկեան երկիրներու դեսպաններուն «Եղէք յոյսի նշաններ աշխարհի մէջ»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ անակնկալ հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Ափրիկեան երկիրներու դեսպաններուն հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 26 մայիսին, յետմիջօրէին, Լեւոն ԺԴ. Պապը, անակնկալ կերպով այցելեց Սուրբ Պետրոս տաճար` հանդիպում ունենալով, Յոբելինական ուխտագնացութեան մասնակցող, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Ափրիկեան երկիրներու դեսպաններուն հետ, Կարդինալ Քոտվօ Ափփիա Թուրքսոնի գլխաւորած Սուրբ Պատարագի աւարտին։

Դեսպաններուն ուղղած սրտաբուխ խօսքին մէջ քահանայապետը շեշտեց, որ «մեր հաւատքն է, որ մեզի ուժ կու տայ» եւ « թոյլ կու տայ տեսնելու Յիսուս Քրիստոսի լոյսը մեր կեանքին մէջ, հասկնալու թէ որքան կարեւոր է ապրիլ հաւատքը, ոչ միայն կիրակի օրը, ոչ միայն ուխտագնացութեան ժամանակ, այլ ամէն օր»։


Միասին քալել՝ միացած, ուրիշներուն ծառայութեան ի սպաս

Ըլլալու համար, այն «յոյսով լի, զոր միայն Յիսուս Քրիստոսը կարող է մեզի շնորհել», որպէսզի շարունակենք միասին քալել բոլորս միասին «միացած որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր մեր Աստուածը փառաբանելու համար», եւ « ճանչնալու, թէ այն ինչ` որ ունինք եւ ինչ որ ենք, Աստուծոյ պարգեւն է ու այդ պարգեւները զետեղելու ուրիշներուն ծառայութեան տակ», ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. 

Ան ապա ողջունեց դեսպանները անոնց համագործակիցներն ու ընտանեկան պարագաները, շնորհակալութիւն յայտնելով Քրիստոսի մէջ իրենց հաւատքը ապրելու համար։

Նշենք թէ, Ափրիկեան երկիրներու դեսպաններու յոբելինական ուխտագնացութիւնը ունի որպէս նիւթ, «Ափրիկէի մէջ խաղաղութեան յոյսը», եւ կազմակերպուած է Ափրիկէի միջազգային 62.րդ օրուան առթիւ։ Միջոցառումի մասնակցեցան աւելի քան հինգ հարիւր հաւատացեալներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2025, 09:59