Լեւոն ԺԴ. Պապ նորօծ քահանաներուն. Եղէք հաւատալի վկաներ, պահապաններ եւ ոչ թէ տէրեր
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 31 մայիսին, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը գլխաւորեց 11 սարկաւագներու քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւնը, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ։
Սուրբ պատարագի ընթացին արտասանած քարոզին մէջ Քահանայապետը ըսաւ. «Այսօր՝ մեծ ուրախութեան օր է եկեղեցւոյ եւ ձեզի իւրաքանչիւրիդ, որ քահանայ կը ձեռնադրուիք՝ ձեր ընտանիքներու եւ ձեր կազմաւորման տարիներու ուղեւորութեան ուղեկիցներուն հետ միասին։
Ինչպէս մի քանի հատուածներուն մէջ կ՝ընդգծէ ձեռնադրութեան ծէսը, հիմնարար է կապը այսօրուան հանդիսակատարութեան եւ Աստուծոյ ժողովուրդին միջեւ։ Աստուածային ուրախութեան խորութիւնը, լայնութիւնը եւ նոյնիսկ տեւողութիւնը, որոնք մենք այժմ կը կիսենք ուղիղ համեմատական են այն կապերուն հետ, որոնք գոյութիւն ունին ու պիտի աճին ձեր՝ ձեռնադրուողներու եւ այն ժողովուրդին միջեւ, որմէ դուք սերած էք, որուն մաս կը կազմէք եւ որուն ուղարկուած էք», ըսաւ Քահանայապետը ու այս առնչութեամբ խօսքը կեդրոնացնելով յարեց.
Աստուծոյ ժողովուրդը
«Մենք Աստուծոյ ժողովուրդն ենք։ Վատիկանի երկրորդ տիեզերական ժողովը այս գիտակցութիւնը աւելի վառ դարձուց՝ գրեթէ կանխատեսելով ժամանակ մը ուր պատկանելիութիւնը աւելիով տկար պիտի դառնար՝ իսկ Աստուծոյ զգացողութիւնը անօսրացած։ Դուք վկայութիւն էք այն փաստին, որ Աստուած չի յոգնեցաւ իր զաւակները հաւաքելէ՝ տարբերութիւններով հանդերձ ու զանոնք ուժեղ միասնութեան մէջ կազմելէ։
Խօսքը ոչ թէ արագ գործողութեան, այլ այն թեթեւ քամիի մասին է, որ յոյս տուաւ Եղիա մարգարէին, յուսահատութեան ժամուն։ (տե՛ս Ա Թագաւորաց 19։12)։ Աստուծոյ ուրախութիւնը աղմկող չէ, բայց՝ ԱՆ իսկապէս պատմութիւն կը փոխէ եւ մեզ աւելի կը մօտեցնէ իրարու միջեւ։ Այցելութեան խորհուրդը, որ եկեղեցին կը նշէ մայիսի վերջաւորութեան, անոր խորհրդանիշն է։ Սուրբ Կոյս Մարիամի ու Անոր զարմուհի Եղիսաբեթի հանդիպումէն մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս կը բխի Մեծացուցչէ, շնորհքով օժտուած Ժողովուրդի երգը։
Այսօր կարդացուած ընթերցումները մեզի կ՝օգնեն մեկնաբանելու, թէ ինչ կը կատարուի նաեւ մեր մէջ։ Յիսուս, նախ եւ առաջ, Աւետարանին մէջ մեզի չի թուիր, անխուսափելի մահուան պատճառով ջախջախուած, ոչ ալ կոտրուած կամ անաւարտ կապերու պատճառով հիասթափուած։ Ընդհակառակը, Սուրբ հոգին կ՝ուժեղացնէ այդ սպառնալիքներուն տակ գտնուող կապերը։ Աղօթքի մէջ՝ անոնք մահէն աւելի ուժեղ կը դառնան։ Իր անձնական ճակատագրին մասին մտածելու փոխարէն Յիսուս Հօր ձեռքերուն մէջ կը դնէ այն կապերը, որոնք հոս այստեղ ստեղծեց։ Մենք Անոր մաս կը կազմենք։ Աւետարանը ըստ էութեան , մեզի հասաւ այն կապերու միջոցաւ, որոնք աշխարհը կարող է մաշել բայց ոչ ոչնչացնել։
Սիրելի՛ քահանաներ, դուք ձեզ պատկերացուցէք Յիսուսի ճանապարհով։ Աստուծոյ ծառաները ըլլալը, Աստուծոյ ժողովուրդ ըլլալը մեզ կը կապէ երկրի հետ, ոչ թէ Իտէալական աշխարհին հետ, այլ իրական աշխարհին հետ։ Յիսուսի նման, Հայրը ձեր ուղեւորութեան մէջ ՝միսով եւ ոսկորով մարդիկ կը դնէ։ Նուիրուեցէք անոնց առանց բաժնուելու, առանց մեկուսանալու, առանց ստացուած պարգեւը տեսակ մը առանձնաշնորհութիւն դարձնելու։ Ֆրանչիսկոս Պապը շատ անգամ զգուշացուցած է մեզ անկէ, որովհետեւ ինքնագովութիւնը կը մարէ առաքելութեան կրակը։
Եկեղեցին հաղորդական
Եկեղեցին հիմնովին հաղորդական է, այնպէս ինչպէս հաղորդական են Յիսուսի կեանքը, մահը եւ Յարութիւնը։ Դուք Անոր խօսքերը կը դարձնէք ձերը իւրաքանչիւր Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, որ է «ձեզի համար եւ բոլորիդ համար»։ Տէրը ձեզի դիմեց, դուրս եկաւ Իրմէ։ Որդին դարձաւ Մեկնութիւն, կենդանի պատմութիւն։ Եւ մեզի տուաւ Աստուծոյ զաւակներ դառնալու զօրութիւնը։ Մի՛ փնտռէք, եկէք չփնտռենք, որեւէ այլ զօրութիւն։
Թող, ձեռք դնելու ժեսթը, որով Յիսուս կ՝ողջունէ երեխաները եւ կը բուժէր հիւանդները նորոգէ ձեր մէջ մեսիական ծառայութեան ազատագրող ուժը։ Գործք Առաքելոցին մէջ այս ժեսթը, որ մենք քիչ մը ետք պիտի կրկնենք, Ստեղծագործ Հոգիին փոխանցումն է։ Այսպիսով Աստուծոյ արքայութիւնը այժմ հաղորդութեան մէջ կը դնէ ձեր անձնական ազատութիւնները, որոնք պատրաստ են իրենցմէ դուրս գալու, պատուաստելով ձեր բանականութիւնն ու երիտասարդական ուժերը Յոբելենական առաքելութեան, որ Յիսուս փոխանցեց իր Եկեղեցւոյ։
Եփեսոսի համայնքի երէցներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ, որուն որոշ հատուածները լսեցինք առաջին ընթերցանութեան ժամանակ, Սուրբ Պօղոս անոնց փոխանցեց իւրաքանչիւր առաքելութեան գաղտնիքը« Սուրբ Հոգին ձեզ պահապաններ դրաւ», Ոչ թէ տէրեր, այլ պահապաններ։
Ան Յարութիւն առաւ, հետեւաբար Ան կենդանի է եւ մեզ կը նախորդէ։ Մեզմէ ոչ մէկը կանչուած է Զինք փոխարինելու։ Համբարձումի օրը մեզի կը սորվեցնէ Անոր անտեսանելի ներկայութեան մասին։ Ան մեզի կը վստահի, մեզի տեղ կու տայ. Նոյնիսկ հասաւ ըսելու. «Լաւ է ձեզի համար, որ ես երթամ» (Յովհ 16,7)։ Մենք եպիսկոպոսներս, սիրելի ձեռնադրուողներ, այսօր ձեզ ներգրաւուելով առաքելութեան մէջ, ձեզի համար տեղ կ՝ազատենք։ Եւ դուք տեղ ազատեցէք հաւատացեալներուն եւ իւրաքանչիւր արարածի համար, որոնց մօտ է Յարուցեալը, եւ որոնց մէջ Ան մեզ կ՝այցելէ եւ կը զարմացնէ։ Աստուծոյ ժողովուրդը աւելի շատ է քան այն ինչ մենք կը տեսնենք։ Եկէ՛ք չսահմանենք անոնց սահմանները։
Յարուցեալ Յիսուսը մեզ ցոյց կու տայ իր վէրքերը, նոյնիսկ եթէ անոնք մարդկութեան մերժումի նշան է, Ան մեզ կը ներէ եւ կ՝առաքէ։ Եկէ՛ք չմոռնանք սա։ Այսօր Ան մեր վրայ կը փչէ (Յովհ 20,22) եւ մեզ կը դարձնէ յոյսի առաքեալներ։
«Քրիստոսի սէրը իսկապէս մեզ կը տիրապետէ», սիրել եղբայրներ եւ քոյրեր։ Ան տիրապետութիւն է, որ կ՝ազատագրէ եւ թոյլ կու տայ մեզի ոչ մէկուն չտիրանալու։ Ազատագրել եւ ոչ թէ տիրապետել։ Մենք Աստուծոյ կը պատկանինք. Չկայ աւելի մեծ հարստութիւն, որ կարելի է գնահատել եւ կիսել։ Դա միակ հարստութիւնն է որ կիսուած կը բազմապատկուի» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը ու քարոզը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով նորօծ քահանաներուն ու Աստուծոյ, որ զիրենք կանչեց ծառայելու ժողովուրդի մը, որ ամբողջութեան քահանայական է»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
