Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեհանգստեան իննօրեայ աղօթքի իններորդ օրը՝ Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեհանգստեան իննօրեայ աղօթքի իններորդ օրը՝ Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ  (@VATICAN MEDIA )

Կարդինալ Մամպերթի. Ֆրանչիսկոս Պապը հաւատարիմ եղաւ իր առաքելութեան՝ սպառելով մինչեւ իր վերջին ուժերը

Կիրակի 4 մայիսին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեհանգստեան իննօրեայ աղօթքի իններորդ օրը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Սուրբ պատարագ մատուեց կարդինալ Մամպերթին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 4 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեհանգստեան իննօրեայ աղօթքի իններորդ օրը՝ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ սուրբ պատարագ մատուցեց Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթի, ներկայութեամբ կղերական դասին անդամներուն եւ բազմաթիւ հաւատացեալներուն։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը մեկնաբանեց օրուան աւետարանը, ուր կը խօսուի Յարուցեալ Յիսուսի աշակերտներուն հետ ունեցած հանդիպումի մասին. Յիսուս կը վերանորոգէ իր կոչը Սուրբ Պետրոսին «հետեւէ ինծի» եւ կը յանձնարարէ առաքեալները վկայելու Աւետարանը՝ ընդգծելով սիրոյ կարեւորութիւնը՝ որպէս քրիստոնէական առաքելութեան շարժիչ ուժ։

Կարդինալ Մամպերթի, քարոզին մէջ ընդգծեց, թէ Ինչպէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ոգեւորուած է Տիրոջ սէրով ու հետեւողականութեամբ հռչակեց ողորմութեան եւ ծառայութեան պատգամը՝ վկայուած իր վարդապետութիւնով, ճամբորդութիւններով եւ ժեսթերով։ Կարդինալ Մամպեթթին յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը մահուան սեմին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայութիւնը։

Քարոզին մէջ ծիրանաւորը անդրադարձաւ Յիսուսի եւ Սուրբ Պետրոսի միջեւ յարաբերութեան, նկատել տալով, թէ ինչպէս սէրը՝ տկար ըլլալով հանդերձ՝  բաւարար է, ինչպէս Սուրբ Պետրոսը, ու այս տեսակ սէր՝ խոնարհ եւ տկար գնահատուած եւ քաջալերուած է երկու կարեւոր դէմքերէ՝ Պենետկիկտոս ԺԶ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ։

Կարդինալ Մամպերթի ընդգծեց երկրպագութեան կարեւորութիւնը որպէս քրիստոնէական կեանքի եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան էական չափանիշ, գործողութիւն մը, որ Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ խրախուսած է յիշեցնելով որ խորհրդածութիւնը միշտ Աստուծոյ կը մօտեցնէ առանց երկրային իրականութենէն հեռանալէ։

«Այս շնորհքը՝ որ կու տայ երկրպագութիւնը, դժուար չէ ճանչնալ Ֆրանչիսկոս Պապին կեանքին մէջ։ Անոր հովուական ծառայութիւնը, անթիւ հանդիպումները, հիմնուած էին երկար պահերուն աղօթքի վրայ։ Շատ անգամ Ֆրանչիսկոս Պապ մեզի յիշեցուցած է որ երկրպագութիւնը, «սիրոյ ուժ է» որ մեզ կը բարձրացնէ դէպի Աստուած, ոչ թէ մեզ երկրէն դուրս հանելու համար այլ ՝ Անոր մէջ բնակելու համար։

Կարդինալ Մամպերթի քարոզը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները յանձնելու Ֆրանչիսկոս Պապին հոգին Տիրամօր բարեխօսութեան եւ աղօթել Աստուծոյ որ Զինք ընդունի իր արքայութեան մէջ, վերանորոգելով յոյսը՝ ապագային նոր Սուրբ Պետրոսի յաջորդին ընտրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2025, 12:23