Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի լանջախաչը Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի լանջախաչը 

Մեծն Սուրբ Լեւոնի մասունքը Պապին արծաթեայ լանջախաչին վրայ

Լեւոն ԺԴ Պապին լանջախաչին վրայ աւելցաւ Մեծն Սուրբ Լեւոնի մասունքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ Պապին լանջախաչին վրայ երեկունէ աւելցաւ նաեւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդի, 44-րդ եպիսկոպոսին, 4-րդ եւ 5-րդ դարերուն միջեւ ապրած   Մեծն Սուրբ Լեւոնի մասունքը։

Քահանայապետ ընտրուելէն ետք Լեւոն ԺԴ. Պապին Սուրբ Պետրոս ակումբի կողմէ նուիրուած լանջախաչին մէջ արդեն զետեղուած էր, Սուրբ Օգոստինոսի, Սուրբ Թովմաս Վիլլանովայի եւ երանելի Անսելմօ Փոլանքոյի մասունքները։

Լեւոն ԺԴ.-ի քայլերը այժմ առաջնորդուած են, նաեւ Մեծն Սուրբ Լեւոնի  կողմէ, որ ապրած է 4-րդ եւ 5-րդ դարերու միջեւ, Սուրբ Օգոստինոսի ժամանակ, որ նպաստած է Եկեղեցւոյ միութեան, պայքարած է հերետիկոսութեան դէմ, սահմանած է Հռոմի եպիսկոպոսի գերակայութիւնը եւ կազմած է Հռոմէական պատարագամատոյցի ամենագեղեցիկ ժողովածոները։

Լեւոն ԺԴ.-ի համար նոր մասունքի տուփը պատրաստելու գաղափարը՝ որ պէտք է տեղադրուի Քահանայապետին ստացած լանջախաչին վրայ, ծագած է Ակոսթինեան հասարակութենէն, առաքելական սրբավայրի պահապան` Հայր Պրունօ Սիլեսթրինիի կողմէ։

Օգտուելով իր եղբայրակից, Քահանայապետին փափաքէն՝ վստահելու Լեւոն Մեծի պաշտպանութեան ու առաջնորդութեան, կրօնաւորը որոշեց դիմել մասունքներու մասնագէտ, Անթոնիօ Քոթթոնէի, որ արդեն պատրաստած է հինգ մասունք՝ աւանդական միջնադարեան արուեստագիտութեամբ, Ակոսթինեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր, գերապ. Փրեվոսթի լանջախաչին համար՝  երբ 30 սեպտեմբերին ընտրուեցաւ կարդինալ։

Անթոնիօ Քաթթոնէ մանրակրկիտ ճշգրտութեամբ եւ նուիրուածութեամբ ստեղծեց ոսկի գոյնով թելերով փոքրիկ խաչ, անոնց մէջ զետեղելով Եկեղեցւոյ չորս սուրբերու թանկարժէք բեկորները։

Աշխատանքը աւարտելէ յետոյ արուեստագէտ Անթոնիօ Քոթթոնէ թելերով պատրաստած խաչը զետեղեց քահանայապետին լանջախաչին վրայ ու յանձնեց Լեւոն Դժ-ին անցնելով Անոր վիզին վրայ։ Քահանայապետը ուրախութեամբ ընդունեց լանջախաչը՝ հարստացած իրեն համար շատ սիրելի եպսիկոսպոներուն մասունքներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2025, 11:47