2025.05.25 Regina Caeli

Քաջութիւն և տոկունութիւն հայցենք բոլոր անոնց` որոնք ներգրաւուած են երկխօսութեան եւ խաղաղութեան անկեղծ որոնման մէջ. Լեւոն ԺԴ.

Քահանայապետը յիշեց նաեւ Երանելի հռչակուած Սթանիզլաօ Քոթսքա Սթրէյքը, Պենետիկտոս ԺԶ.,ի կողմէ հաստատուած Չինաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար աղօթքի օրը, Ֆրանչիսկոս Պապի հասարակաց տան նուիրուած «Laudato si’» շրջաբերականին տասնամեակը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 25 Մայիս 2025-ի կէսօրին Առաքելական Պալատի քահանայապետական գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած բազմահազար հաւատացեալներուն նախ յիշեց շաբաթ օրը` Լեհաստանի Փոզնան քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Սթանիզլաօ Քոթսքա Սթրէյքը, որ թեմական քահանայ մըն էր եւ սպաննուեցաւ իր հաւատքին համար 1938-ին, «որովհետեւ անոր` աղքատներուն եւ բանուորներուն ի նպաստ գործունէութիւնը նեղութիւն կը պատճառէր համայնավար գաղափարախօսութեան հետեւողներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով, որ անոր օրինակը «խրախուսէ յատկապէս քահանաները վեհանձնօրէն նուիրուելու Աւետարանին ու իրենց եղբայրներուն»։

Չինաստանի կաթողիկէներու համար աղօթքի օր

Լեւոն ԺԴ յիշեց ապա Օգնական Քրիստոնէից Սուրբ Կոյս Մարիամին շաբաթ օր յիշատակուած տօնը, որուն առիթով նշուեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կողմէ հաստատուած Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար աղօթքի օրը, որով աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ աղօթքներ բարձրացան առ Աստուած «որպէս Չինաստանի կաթողիկէներու սիրոյ ու հոգատարութեան ու անոնց տիեզերական Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան նշան», յարեց Սրբազան Պապը հայցելով Ամենասուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը` որպէսզի «անոնց համար ընդունի շնորհքը` ըլլալու Աւետարանի զօրեղ եւ ուրախ վկաները, նաեւ փորձութեան պահերուն, խթանելու համար խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն»։

Աղօթք պատերազմի պատճառաւ տառապող ժողովուրդներուն

«Այս զգացումներով մեր աղօթքը կ՛ողջագուրէ պատերազմի պատճառով տառապող բոլոր ժողովուրդները։ Քաջութիւն և տոկունութիւն հայցենք բոլոր անոնց` որոնք ներգրաւուած են երկխօսութեան եւ խաղաղութեան անկեղծ որոնման մէջ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. յիշելով տասը տարիներ առաջ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրած «Laudato si’» շրջաբերականը, որ նուիրուած է հասարակաց տան խնամքին։

«Laudato si’» շրջաբերականի տասնամեակը

«Անիկա ունեցաւ արտակարգ տարածում, ներշնչելով բազմաթիւ ձեռնարկներ ու բոլորին սորվեցնելով անսալու Երկրին ու աղքատներու կրկնակի ճիչին» ըսաւ Սրբազան Պապը քաջալերելով «Laudato si’» շարժումը ու բոլոր անոնք որոնք յառաջ կը տանին այդ յանձնառումը։

Ան ապա ողջունեց իտալիայէն ու աշխարհի այլ երկիներէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը որոնց շարքին Վալեսիայի ու Լեհաստանի ուխտաւորները, ապա հրաժեշտ առաւ ներկաներէն բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2025, 12:22