Լեւոն ԺԴ. Պատերազմէն, բռնութենէն, անարդարութենէն վիրաւորուած մեր աշխարհը կարիքը ունի լսելու Աստուծոյ սիրոյ աւետարանական պատգամը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 22 մայիսին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Քահանայապետական միսիոներական գործունէութիւններու ազգային ղեկավարները ու անձնակազմը՝ անոնց տարեկան ընդհանուր նիստի առիթով։
Նորին Սրբութիւնը արտասանած պատգամը սկսաւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Քահանայապետական միսիոներական գործունէութիւններուն ու անոնց գործընկերներուն մատուցած ծառայութեան համար, «որոնք անփոխարինելի են եկեղեցւոյ աւետարանումին առաքելութեան համար, ինչպէս ես կարող եմ անձամբ վկայել Փերույի մէջ՝ իմ հովուական ծառայութեանս տարիներուն ընթացքին» ըսաւ Քահանայապետը, մատնանշելով որ «Քահանայապետական միսիոներական գործունէութիւնները «հիմնական միջոցներն են» բոլոր մկրտուածներուն միսիոներական պատասխանատուութիւնը վերստին արթնցնելու եւ եկեղեցական համայնքներուն աջակցելու այն տարածքներուն մէջ ուր եկեղեցին երիտասարդ է»։ ( Ad gentes, 38)
«Ժողովուրդներուն միջեւ առաքելական եռանդի խթանումը կը մնայ եկեղեցւոյ վերանորոգումի էական տարրը, որ նախատեսուած է Վատիկանի Տիեզերական Ժողովին կողմէ, եւ որ այսօր աւելիով հրատապ է։ Մեր աշխարհը, որ վիրաւորուած է պատերազմէն, բռնութենէն, անարդարութենէն, կարիքը ունի լսելու Աստուծոյ սիրոյ աւետարանական պատգամը եւ զգալու Քրիստոսի հաշտեցնող շնորհքի կարողութիւնը», ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը շեշտելով որ «Եկեղեցին՝ իր անդամներով, աւելի կանչուած է ըլլալու «միսիոներական եկեղեցի մը, որ կը բանայ իր գիրկը աշխարհին առջեւ, որ կը հռչակէ Խօսքը եւ որ կը դառնայ հաշտութեան թթխմոր մարդկութեան համար» (Քարոզ քահանայապութեան սկիզբի պատարագին, 18 մայիս 2025).
Սրբազան Պապը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանայապետական Միսիոներական գործունէութիւններուն անձնակազմի եւ գործընկերներուն՝ ամէն տարի՝ հոկտեմբեր ամսուայ վերջընթեր կիրակի օրը՝ Համաշխարհային միսիոներական օրը խթանելու գործին մէջ, որ «ինծի համար մեծապէս օգտակար է Աւետարանումի վերատեսչութեան եկեղեցիներու ի սպաս հոգատարութեան ծիրէն ներս» ըսաւ Ան։
Ակնարկելով ապա Պենտեկոստէի տօնին ու անոր յաջորդող օրերուն, Քահանայապետը ընդգծեց` որ եկեղեցին Սուրբ Հոգիով առաջնորդուելով, կը շարունակէ իր ճանապարհորդութիւնը պատմութեան մէջ վստահութեամբ եւ քաջութեամբ, հռչակելով Յիսուսին անունն ու Փրկութիւնը, որ կու գայ Աւետարանի փրկարար ճշմարտութեան հանդէպ հաւատքէն։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց Քահանայապետական միսիոներական գործունութիւններուն ղեկավարները առաջնահերթութիւն տալու թեմերուն, ժողովուրդներուն, համայնքներուն այցելութիւններուն, օգնելով հաւատացեալներուն ճանչնալու առաքելութիւններու հիմնարար կարեւորութիւնը եւ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն աջակցութիւնը, այն շրջաններուն մէջ ուր Եկեղեցին երիտասարդ է եւ կ՝աճի։
Քահանայապետը ապա իր խօսքը կեդրոնացուց Քահանայապետական միսիոներական գործունէութիւններու ինքնութիւնը բնութագրող երկու առանձնայատուկ տարրերու վրայ՝ հաղորդութիւն եւ տիեզերականութիւն։
Հաղորդութիւն
«Որպէս Պապին եւ եպիսկոպոսաց դասի պատուէրը կիսելու նուիրուած Քահանայայպետական Գործունէութիւններ, կանչուած էք ձեր անդամներու մէջ զարգացնել եւ առաջ մղել եկեղեցւոյ տեսլականը, որպէս հաւատացեալներու միութիւնը, կենդանացած Սուրբ Հոգիով, որ մեզի թոյլ կու տայ մտնել Սուրբ Երրորդութեան կատարեալ միութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով թէ «իրականութեան մէջ Երրորդութեան մէջ է, որ ամէն ինչ միութիւն կը գտնէ։ Քրիստոնէական կեանքի եւ առաքելութեան այս ծաւալը, շատ մօտիկ է իմ սիրտիս եւ կ՝արտացոլայ Սուրբ Օգոստինոսի բառերուն մէջ, որ ընտրեցի իմ եպիսկոպոսութեան եւ Պապական առաքելութեան համար, «In Illo uno unumօ։ Քրիստոս մեր Փրկիչն է ու Անոր մէջ մէկ ենք, Աստուծոյ մեծ ընտանիք, լեզուներու, մշակոյթներու, փորձառութիւններու հարուստ բազմազանութենէն անդին։
Միութիւնը
«Քրիստոսի Մարմնի հաղորդութեան գիտակցութիւնը բնականաբար մեզի կը բանայ Եկեղեցւոյ աւետարանումի առաքելութեան տիեզերական ծաւալին առջեւ եւ կը ոգեշնչէ յաղթահարել Ժողովրդապետութիւններու, Թեմերու եւ Ազգերուն սահմանները, կիսելու համար իւրաքանչիւր վայրի եւ ժողովուրդի մէջ Տէր Յիսուս Քրիստոսի գերազանց ճանաչումը (Փիլի 3,8)» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ.ը որ պատգամը աւարտեց քաջալերելով քահանայապետական միսիոնարական գործունէութեան անդամները շարունակելու ըլլալ «Ժողովուրդներու միջեւ յոյսի միսիոնարներ», ապա Հայցեց Եկեղեցւոյ Մայր, Տիրամօր բարեխօսութիւնը ներկաներուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը, որպէս Տիրոջ մէջ տեւական ուրախութեան եւ խաղաղութեան նշան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
