Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-REGINA CAELI

Լեւոն ԺԴ. Պապի Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագին ծէսն ու խորհրդանիշերը

Ամբողջ տօնակատարութիւնը հարուստ է հին ծէսերով, խորիմաստ խորհրդանիշներով և աստուածաշնչական խօսքերով, որոնք կ՛ ընդգծեն Քահանայապետի դերը, որպէս Պետրոսի յաջորդ և համընդհանուր եկեղեցւոյ հոգևոր առաջնորդ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 18 Մայիս 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայանալիք, յատուկ հանդիսաւոր արարողութեամբ պաշտօնական սկիզբ կ՜առնէ աւազանի անունով Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթի եւ այսօր Լեւոն ԺԴ. Պապի Պետրոսեան առաքելութիւնը։ Ծիսակատարութիւնը ունի յատուկ խորհրդանշական պահեր յատկանշելու համար Քահանայապետի Սուրբ Պետրոս առաքեալի ու անոր մարտիրոսութեան հետ կապը։

Արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ Սուրբ Պետրոս առաքեալի դամբանին մօտ կատարուած աղօթքով, մասնակցութեամբ Արեւելեան եկեղեցիներու Կաթողիկէ Պատրիարքներուն, որոնց շարքին է նաեւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.։

Արդարեւ նորընտիր Քահանայապետը եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքները միասին կը համախմբուին տաճարի խորանի ոտքին ապա կ՛իջնեն Սուրբ Պետրոսի դամբանին մօտ ուր կ՛աղօթեն լռելեան խնկարկելով գերեզմանը։ Այս պահը կը յիշեցնէ այն սերտ կապը` որ կայ ընդմէջ Հռոմի Եպիսկոպոսին եւ Սուրբ Պետրոս առաքեալին ու անոր նահատակութեան, ճիշտ այն վայրին մէջ ուր առաքեալներու միջեւ առաջինը եւ Քրիստոսի առաջին փոխանորդը իր հաւատքը խոստովանեցաւ արիւնով, բազմաթիւ այլ քրիստոնեաներու հետ միասին, որոնք իրենց կարգին տուին այդ վկայութիւնը։

Սոյն աղօթքէն ետքը երկու սարկաւագներ կ՛առնեն Պալիումը, Ձկնորսի մատանին եւ Աւետարանը ու բոլորը միասին թափօրով կ՛ուղղուին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած կեդրոնական խորան, մինչ երգչախումբը ու հաւատացեալները կ՛աղօթեն լիթանիան։ Խորանի վրայ պիտի զետեղուի նոր քահանայապետի սրտին խօսող Ճենածանոյի Մարեմեան սրբավայրին «Մայր Բարի Խորհրդոյ» սրբապատկերը։

Արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ ջրօրհնէքով ու Փառք ի Բարձունքս Աստուծոյ շարականով  հուսկ ընթերցուածներու ու աւետարանի ընթերցումով, որոնք յղումներ են Պետրոսի, Հռոմի Եկեղեցւոյ եւ անոր յաջորդի առաքելութեան մինչ Աւետարանը որ քաղուած է Յովհաննէս Աւետարանիչէն (Յովհ. 21, 15-19) եւ կը կարդացուի Լատիներէն ու Յունարէն լեզուներով, կը մատնանշէ Յիսուսին Պետրոսին ուղղած երեք հարցումները որոնց աւարտին անոր իշխանութիւն կու տայ արածելու իր ոչխարները։

Քահանայապետութեան սկզբնաւորութեան արարողութիւնը բաժնուած է երեք մասերու.

Պալիումը
Պալիումը

Պալիումի յանձնումը

Պալիումը կամ եմիփորոնը լայն ուսանոց-ուրար է, զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Եմիփորոնը կը խորհրդանշէ եպիսկոպոսին կամ կաթողիկոսին ամբողջական նուիրումը, անոր ամբողջապէս խաչուած ըլլալը` իր հինգ զգայարանքներով, մեղքերու և աշխարհիկ ցանկութիւններու համար մեռնիլը և միայն Քրիստոսի խաչը իր անձին մէջ կրելը:

Պալիումը կազմուած է գառնուկի սպիտակ բուրդէ կարուած, երկար եւ բարակ կտաւէ մը, որուն վրայ զետեղուած են մետաքսէ սեւ դերձանով կարուած թիւով վեց խաչեր։ Պալիումը կը յիշատակէ նաեւ Բարի Հովիւը, որ իր ուսերուն վրայ կ՜առնէ կորսուած ոչխարը։ Պալիումը Քահանայապետի ուսին կը դնէ Կարդինալական դասի սարկաւագական կարգի աւագերէցը որ այս պարագային Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթին է։ Անոր հետ միասին Քահանայապետին կը մօտենան կարդինալական դասի քահանայական ու եպիսկոպոսական կարգէն այլ երկու կարդինալներ, որոնցմէ առաջինը` Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկոն, յատուկ աղօթք կը կատարէ Քահանայապետին համար մինչ երկրորդը` Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, կը հայցէ Քրիստոսի` «մեր հոգիներու հովիւ ու եպիսկոպոսի» բարեխօսութիւնը, որ իր Եկեղեցին կառուցեց Պետրոսի Վէմին վրայ, եւ որ Պետրոսէն ճանչցուեցաւ որպէս «Կենդանի Աստուծոյ որդի»։

Ձկնորսի Մատանին
Ձկնորսի Մատանին

Ձկնորսի մատանիին յանձնումը

Պալիումի յանձնումէն ետքը տեղի կ՛ունենայ «ձկնորսի մատանիի» յանձնումը. Ս. Պետրոս ձկնորս առաքեալն է։ Դարձաւ մարդկանց ձկնորս։ Ձկնորսի մատանին ունի կնիքի մատանիի իւրայատուկ արժէքը, որ արմատապէս կը հաստատէ հաւատքը, առաջադրանք, որ վստահուած էր Պետրոսին՝ իր եղբայրները հաստատելու համար հաւատքի մէջ։ Մատանիի վրան փորագրուած է Ս. Պետրոսը ուռկանով եւ բանալիներով

Այս երկրորդ խորհրդանշական պահը կ՛աւարտի Սուրբ Հոգիին նուիրուած աղօթքով, որպէսզի Ան հարստացնէ նոր Քահանայապետը զօրութեամբ ու հեզութեամբ, որպէսզի կարողանայ պահպանել Քրիստոսի աշակերտները հաղորդութեան միութեան մէջ։ Մատանիի տուչութիւնը կը կատարէ Կարդինալական դասի գահերէցը։

Ասկէ ետքը Սրբազան Քահանայապետը աւետարանով կ՛օրհնէ արարողութեան ներկայ գտնուող բոլոր հաւատացեալները։

Հնազանդութեան ներգործութիւնը

Մատանիի յանձնումէն ետք տեղի կ՛ունենայ  «հնազանդութեան» ներգործութիւնը ։ 12 անձեր`որոնք շարքին երեք կարդինալներ, ամէն մէկր մէկ ցամաքամասէ, մէկ եպիսկոպոս, մէկ քահանայ ու մէկ սարկաւագ, ապա երկու կրօնաւորներ, ամուսնացեալ զոյգ մը ու երկու երիտասարդներ յանուն Աստուծոյ Ժողովուրդին, Սրբազան Քահանայապետին կը խոստանան հնազանդութիւն։

Այս հակիրճ արարողութեան աւարտին սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Պատարագի հանդիսաւոր արարողութիւնը զոր կը նախագահէ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը հայցելով համայն Եկեղեցւոյ միութիւնը ու իր առաքելութեան վրայ հովանի։

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ  կայացած ծիսակատարութեան աւարտին Սրբազան Պապը նոյն վայրէն կ՛արտասանէ «Ուրախ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը ապա բոլորին կու տայ իր օրհնութիւնը։

Ամբողջ տօնակատարութիւնը հարուստ է հին ծէսերով, խորիմաստ խորհրդանիշներով և աստուածաշնչական խօսքերով, որոնք կ՛ ընդգծեն Քահանայապետի դերը որպէս Պետրոսի յաջորդ և տիեզերական  եկեղեցւոյ հոգևոր առաջնորդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2025, 12:00